Ղարաբաղը 153 Հազար Տոլար Ծախսած Է Ամերիկայի Մէջ Իր Շահերը Պաշտպանելու Համար
1345
0
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը նախորդ տարի 153,241 հազար տոլար ծախսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպպիստական գործունէութեան համար: Այս մասին են կը վկայեն ամերիկեան «Սանլայթ ֆաունտէյշըն»ի հրապարակած զեկոյցի տուեալները:
\n Լոպպիստական գործունէութեան համար ամէնէն մեծ գումարները ծախսած երկիրներու տասնեակին մէջ են Վրաստանն ու Ատրպէյճանը՝ 2,3ական միլիոն տոլար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը մօտ 1,8 միլիոն տոլար ծախսած է:
\n Առաջին դիրքի վրայ է Միացեալ Նահանգները՝ 14,2 միլիոն տոլար, ապա Քանատան ու Գերմանիան։
\n \n