Քեսապի շուրջ մարտերու ընթացքին կը զոհուի Վարդան Անտրեան
952
0
Կիրակի 11 Մայիսին, բուռն մարտեր տեղի ունեցան Քեսապի մօտակայ ռազմավարական Չալմա բարձունքին մօտ, որուն ընթացքին սուրիական բանակն եւ անոր սատարող աշխարհազօրային գունդերը ետ մղեցին Քեսապը գրաւած զինեալ խմբաւորումներու յարձակումները: Այս մասին հաղորդեց լիբանանեան Ալ Մայատին հեռատեսիլի կայանը:
Ժամերով տեւած բուռն բախումներու ընթացքին սուրիական բանակը օգտագործեց իր օդուժը: Բախումներու ընթացքին սպաննոուած են 14 զինեալներ, որոնց շարքին Անսար Ալ Շամի հրամանատարներէն մէկը: Սուրիական բանակը նոյնպէս տուած է զոհեր, որոնց շարքին սուրիական բանակի զինակից քեսապահայ Վարդան Անտրեան: Նոյն մարտերուն վիրաւորուած է քեսապահայ Սարօ Պապուճեան: