Ըստ The Guardian-ի Իրան եւ Ասատ յաղթած են
\n
\n
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթի օգնական խմբագիր Սայմըն Թիստալ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Տը Կարտիըն»-ի յայտնած են, որ Իրանն ու անոր սերտ դաշնակից Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած են, եւ ընդդիմութեան սուրիական վարչակարգը տապալելու փորձին աջակցող ամերիկեան ղեկավարութեան արշաւը ձախողած է։
\n
Թեհրանի մէջ հարցազրոյցներու շարքի մը ընթացքին, բարձրաստիճան դէմքեր, որոնք Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ղեկավարեն յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքի ռազմավարութիւնը պարզապէս արմատական իսլամական խմբաւորումնեերը քաջալերած է, քաոս ստեղծած եւ ի վերջոյ Արեւմուտքին վնաս պատճառած, իսկ կառավարական ուժերը այժմ ամուր դիրքերու վրայ են։
Իրանի խորհրդարանի մէջ ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ կառավարական ազդեցիկ դէմք Ալլատին Պորուժերտի յայտնած է.«Մենք Սուրիոյ մէջ յաղթած ենք։ Վարչակարգը պիտի մնայ։ Ամերիկացիները պարտուեցան»։
Պորուժերտի ըսած է, որ Քայիտայի առնչակից եւ արաբական երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորուող ժիհատական խմբակներու եւ զինեալներու կողմէ գործադրուած ահաբեկչութիւնը սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւած գլխաւոր սպառնալիքն է։ Բազմաթիւ օտար զինեալներ, որոնք Բրիտանիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ Սուրիա մեկնեցան մօտ օրէն իրենց երկիրները կրնան վերադառնալ։ «Մենք Եւրոպայի ապագայ ապահովութեան նկատմամբ մտահոգ ենք», ըսած է ան։
Կառավարական խորհդատու Ամիր Մոհեպիան յայտնած է.«Սուրիոյ խաղին մէջ շատ դիւրին յաղթեցինք։ Միացեալ Նահանգներ Սուրիան չեն հասկնար։ Ամերիկացիները ուզեցին Ասատը փոխել այլ անձով մը, սակայն անոնց այլընտրանքը ի՞նչ էր։ Անոնք պարզապէս արմատական խմբաւորումները քաջալերեցին եւ սահմանները նուազ ապահով դարձուցին։ Մենք կ՚ընդունինք, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է տեղի ունենայ փոփոխութիւն, սակայն աստիճանաբար, այլապէս քաոս կը ստեղծուի»։
\n
Արեւմուտքցի վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ Իրան Ծոցի սիւննի արաբական երկիրներուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ հետ ամբողջ տարածաշրջանը ընդգրկող եւ Սուրիոյ սահմանները շրջանցող իշխանութեան պայքարի կամ անուղղակի պատերազմի մէջ է։ Ուստի Թեհրանի շահերէն կը բխի յաղթանակը յայտարարել Սուրիոյ ալեւիական վարչակարգին, որ մեծամասնութեամբ սիւննիներէ բաղկացած ըմբոստներու դէմ կը կռուի։ Իրանցի պաշտօնատարներ եւ շրջանի հարցերուն մասնագէտներ կը հերքեն այդ մէկը։
\n
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաժիտ Թախթ-Ռաւանճի յայտնած է, որ առաջնահերթութիւնը ընդունիլն է, որ ըմբոստութիւնը ձախողած է եւ յառաջիկայ ամիս նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Սուրիոյ կայունութիւնը վերականգնելն է։
Հակառակ Դամասկոսի մէջ եւ Հըզպալլայի մօտ իր ունեցած ազդեցութեան՝ Իրան Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններէն հեռու պահուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ այն առարկութեան պատճառով, որ Թեհրան Ասատի հրաժարականի կարիքը չընդունիր։ Սակայն ընդդիմադիր զինեալներու յեղափոխութեան մայրաքաղաքը կոչուած Հոմս քաղաքէն անցեալ շաբթուան նահանջէն ետք՝ կարգ մը արեւմուտքցի քաղաքագէտներ ու մեկնաբաններ եւս այն եզրակացութեան հասան, որ Ասատ յաղթած է։
Թեհրանի համալսարանի դասախօս Մոհամատ Մարանտի յայտնած է, որ իր կարծիքով ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ մեծ սխալ մը գործած են եւ «կը կարծեմ, որ այդ մէկը գիտեն, թէեւ երբեք պիտի չնդունին»։
\n