ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ՍՐԲ. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՐԻՔԵԱՆ ԸՆՏՐԵԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

\n

 

\n

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ, Մայիս 9-10, 2014-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան:

\n

Բոլոր Երեսփոխաններու քուէներու բարձր մեծամասնութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպիսկոպոս Բարիքեանը:

\n

«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ընտրեալ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Կանոնական Աղօթքը։ Ապա «Հրաշափառ» եւ «Թագաւոր Երկնաւոր» շարականներու երգեցողութենէն ետք, յանուն ներկայ ժողովականութեան խօսք առաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, որ շնորհաւորեց ընտրեալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, անոր մաղթելով ծաղկուն գահակալութիւն եւ առաջնորդութիւն ի ծառայութիւն Գանատայի Հայոց Թեմին։

\n

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

\n

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.