Քուէյթ Մէկ Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Հայաստանին

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ա. Ասատրեանը եւ Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամմետ Քապանտին 7 Մայիսին ստորագրած են Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հովանիին տակ գործող «Երեւանի թիւ 1 տուն-ինտերնատ» (ծերանոց) պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն համար Քուէյթի կառավարութեան նուիրաբերութեան վերաբերող պայմանագիր:
\n Այս համաձայնագիրով կը նախատեսուի անկողնային խնամքի կարիք ունեցող բնակիչներուն համար նոր մասնաշէնք կառուցելու նպատակով հայկական կողմին տրամադրել 1 միլիոն տոլար:
\n «Շնորհակալութիւն եմ յայտնում Քուէյթի պետութեանը եւ անձամբ պարոն դեսպանին՝ մեր դիմումին արձագանքելու համար: Սա համագործակցութեան լաւ սկիզբ է, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ խնամքի կարիք ունեցող եւ հաշմանդամ 60 անձի մատուցել միջազգային չափորոշիչներին համապատասխան ծառայութիւններ», ըսած է նախարարը:
\n Մոհամմետ Քապանտին եւս շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին՝ նշելով, որ քուէյթեան կողմը իր աջակցութիւնը միայն այս ծրագիրով պիտի չսահմանափակէ՝ դիտել տալով, որ նախարարներուն միջեւ կայանալիք յաջորդ հանդիպումին այլ ծրագիրներու մասին պիտի խօսուի։

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.