Թուրքիա Պիտի Հրատարակէ Սայաթ Նովայի Գործերը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած անակնկալ ցաւակցական ուղերձէն ետք, թրքական թերթերը Երեքշաբթի, Մայիս 6ին հաղորդած են, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կարեւոր քայլ մը եւս առած են Հայկական Հարցին առնչութեամբ, երբ առաջին անգամ ըլլալով, պետական պատուէրով՝ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է հրատարակել հայ նշանաւոր աշուղ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները՝ հայերէն ու թրքերէն լեզուներով, մէկ հատորի մէջ։
Կառավարութեան համաձայն՝ այս հրատարակութեան շնորհիւ հասարակութիւնը առիթ պիտի ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու աշուղ Սայաթ Նովայի ստեղծագործական կեանքին, յօրինումներուն եւ բանաստեղծութիւններուն։ Արդէն իսկ հրատարակութեան գործը սկսած է եւ կը սպասուի, որ գիրքը Յունիսին լոյս տեսնէ։
Սայաթ Նովա 18րդ դարու հայ աշուղ մըն է, որուն երգերը սիրելի են Կովկասեան բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Անոր երգերը հասած են մինչեւ մեր օրերը եւ կ՛երգուին հայերէն, վրացերէն, ատրպէյճաներէն ու թրքերէն լեզուներով: Սայաթ Նովա ծնած է 1712ին, չքաւոր ընտանիքի մը մէջ. իր իսկական անունն է Յարութիւն Սայաթեան: Ցարդ գտնուած են Սայաթ Նովայի 220 երգեր, որոնք սովորաբար կը մեկնաբանուէին թառի ընկերակցութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.