Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Միութեան Կողմէ ԶՕՐԱՇԱՐԺ՝ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ, ՈՒՐԱՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ» ՆԻՒԹՈՎ
ՄԱՐՄԱՐԱ – Մարդկային Իրաւանց Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղը աննախընթաց ձեռնարկ մը իրականացնելու ուղղութեամբ խիզախ քայլ մը առաւ։ Այս կազմակերպութեան Ցեղապաշտութեան եւ Անջատողականութեան մարմինը, «Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, Ուրացման Քաղաքականութեան Վերջ» բնաբանին ներքեւ, ձեռնարկած է Անատօլուի քաղաքներու պատմութիւնը վերստին գրելու զօրաշարժին։ Այս զօրաշարժը պիտի իրականացուի զանազան ճիւղերէ ներս։ Օրինակ՝ քաղաքներու պատմութիւնը վերստին պիտի գրուի, Հայկական ժառանգութիւններու մասին աշխատաժողովներ պիտի կազմակերպուին։ Այս կերպով, ջանք պիտի վատնուի որ հայկական հարցի մասին ցարդ մտքերու մէջ քանդակուած տպաւորութիւնները ճշմարտութեան համապատասխան կերպով լուծում գտնեն։ Այս զօրաշարժը 2015 թուականով պիտի չսահմանափակուի։ Ասորիներու, Յոյներու, Գլտանիներու, Եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն ալ պիտի անդրադառնայ։
Այս ձեռնարկի լուսաբանութեան մասին Մարդկային Իրաւանց Միութեան շէնքին մէջ մամլոյ հաւաքոյթ մը սարքուեցաւ։ Մամլոյ այս հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին Միութեան Նախագահ՝ Իւմիտ Էֆէ, Յանձնախումբի անունով՝ Այշէ Կիւնայսու, Էրէն Քէսկին, Մերալ Չըլտըր եւ Ռենան Աքման։ Յանձնախումբի անդամները այս զօրաշարժի կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ընելէ առաջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցին Վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական գրութիւնը։
Փաստաբան Էրէն Քէսկին յայտնեց որ այս զօրաշարժի գործադրութիւնները Իսթանպուլի մասնաճիւղը ներառեալ, ձեռք պիտի առնուին Մարդկային Իրաւանց Միութիւններու բոլոր մասնաճիւղերէն ներս։
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց որպէսզի պետութեան կողմէ ցարդ քարոզուած «պատմական պաշտօնական սուտեր»ը երեւան հանուին։ Այս ուղղութեամբ, յանձնախումբը կոչ ուղղեց որպէսզի ուրացման քաղաքականութեան դէմ՝ անձերը, հաստատութիւնները եւ ժողովուրդը զօրավիգ կանգնի իրենց։ «Պաշտօնական պատմական սուտերը երեւան հանենք, քաղաքներու պատմութեան տէր կանգնինք, մեր ապրած վայրերուն մասին յիշողութիւններու տեղ տանք, չարտօնենք որ գործուած մարդկային յանցանքները մոռացութեան տրուին։ Այս աշխատանքները իրականացնելու համար, ժողովրդավարական գետնի վրայ բոլոր ուժերը շարժման անցընենքք», ըսուեցաւ բանախօսներուն կողմէ։
Այս զօրաշարժի հիման վրայ, առաջին հերթին ջանք պիտի թափուի որ ցեղասպանութեան անուններով մկրտուած պողոտաներու, փողոցներու եւ զբօսայգիներու անունները ջնջուին։ Այդ փողոցներուն տրուին ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայ երեսփոխաններու, գրագէտներու, լրագրողներու, գիտնականներու անունները։
Այս զօրաշարժին համար որպէս կեդրոնական քաղաքներ նշանակուեցան հետեւեալ ինը քաղաքները. Ատափազար, Էսկիշէհիր, Պուրսա, Քիւթահիա, Անգարա, Ամասիա, Անթէպ, Կեսարիա եւ Էրզրում։ Յանձնախումբը պիտի ապահովէ որ այս քաղաքներու մէջ նշանակուած յանձնախումբի անդամներու կողմէ ճշմարտութեան հիման վրայ պատմութիւն գրուի եւ այդ պատմական տուեալները համացանցի միջոցաւ ժողովուրդի օգտագործման եւ իւրացման ներկայացուի։ Պիտի ապահովուի որ ժողովուրդներու մասին ցեղապաշտական արտայայտութիւններ բովանդակող եւ զանոնք անգոյ նկատող քաղաքներու պատմութիւնները ներկայացուին ճշմարտութեան համապատասխան ձեւով։
Պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ բանախօսութիւններ, ինչպէս՝ «Օսմանեան շրջանին Հայոց Ապրելակերպը», «Հայոց Գրականութիւնը», «Վիրաւորանք», «Յիշողութիւն», «Մոռացման ջանք», «Ուրացում», «Ցեղասպանութենէն ծնած հարուստները», «Կալուածներու գրաւում», եւլն։ Այս բանախօսութիւններէն առաջինը, որ կը կազմակերպուի ֆրանսական Անատօլուի Հետազօտութիւններու Կեդրոնի եւ ֆրանսական Մշակութային Կեդրոնի զօրակցութեամբ, կը կրէ «Վիրաւորական Ժառանգութիւն եւ Պրպտողական Աշխատանք» նիւթը։ Այս բանախօսութիւնը պիտի սարքուի 13 Մայիս 2014ին, Ֆրանսական Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ։ Բանախօսութեան պիտի մասնակցի Ֆրանսայէն՝ գրագէտ Ժանին Ալթունեան, հոգեբոյժ Պելլա Հապիպ։