ՍԻՐԱՇԱՀԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՃԸ


 

Պիւլենթ Քենեշ թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին  կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ վարչապետին գրասենեակին կողմէ Ապրիլ 23-ին «1915-ի բռնի տեղահանութեան եւ ջարդին զոհ գացած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն ուղղուած» ցաւակցական պատգամին մասին: 

Ան կը գրէ, որ ինը լեզուներով՝ ներառեալ թրքերէնով ու հայերէն երկու բարբառով, եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած այս պատմական յայտարարութիւնը ճիշդ ուղղութեամբ քաջարի քայլ մըն է։ Սակայն այդ մէկը չի ծածկեր այն իրողութիւնը, որ ի վերջոյ մարտավարական քայլ մըն էր, որովհետեւ այս պատգամին նպատակը հարցը լուծելը, անցեալին հետ առերեսուիլն ու ճշմարտութեան վրայ լոյս սփռելը չէ, այլ՝ կը ձգտի ժամանակաւորապէս ձերբազատելու անմիջական հարցէ մը եւ ժամանակ շահիլ։ Այն իրողութիւնը, որ յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ 23 Ապրիլին՝ այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան՝ 24 Ապրիլէն մէկ օր առաջ այս թեզը հաւաստի կը դարձնէ։

Ապրիլ 24-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, ինչպէս աշխարհի տարածքին բազմաթիւ այլ նախագահներ, կառավարութիւններ եւ խորհրդարաններ «1915-ի ողբերգութեան» շուրջ յայտարարութիւններ կը կատարեն։ Բոլորն ալ իրենց խղճին մէջ կը գիտակցին, թէ այս ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն մըն է, թէեւ քաղաքական, դիւանագիտական կամ տնտեսական շահերէ մեկնելով այդ եզրը չեն օգտագործեր։

Հեղինակը կը գրէ. «Իրականութեան մէջ այս տարուան Ապրիլ 24-ը մեր դիմակայելիք յոռեգոյնը չէ։ Անիկա Թուրքիոյ համար 2015-ի բուն քննութեան համար փոքր փորձ մըն է։ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակն է, որմէն Թուրքիան ոչ կրնայ խուսափիլ ոչ ալ անտեսել»։

«Միւս կողմէ՝ սպասելի չէր, որ Էրտողան այսպիսի յայտարարութիւն մը հրապարակէր, երբ այնքան անտարբեր է իր իսկ պատճառած ցաւին։ Իրապէս դժուար է հաւատալ, որ Ուլտերէի ողբերգութեան, որուն ընթացքին 34 քաղաքացիներ ահաբեկիչներու հետ շփոթուեցան եւ Շըրնաքի Ուլտերէ շրջանին մէջ օդային հարուածի ենթարկուելով սպաննուեցան, կամ Կեզի զբօսայգիի ցոյցերուն ընթացքին զոհուած ցուցարարներուն նկատմամբ ամբողջովին անտարբեր գտնուած նոյն անձը ստորագրած ըլլայ այս յայտարարութիւնը»։

«Հարկ է նշել, որ այս պատգամը աւելի կը ջանայ միջազգային բեմահարթակին վրայ Թուրքիոյ վարկը վերականգնել քան՝ հայերուն ցաւը կիսել։ Կարելի է ըսել, որ Էրտողան այս քայլով սիրաշահումի թրքական ոճի արշաւ մը նախաձեռնեց։ Հակառակ ատոր այս պատգամը անարժէք չէ, սակայն նոյն ատեն անկեղծութեան չգոյութիւնը լոյսի տակ կ՚առնէ։

«Որեւէ սպասում, որ անձնաւորութիւն մը, որ այսօր այսքան ողբերգութեանց աղբիւրն է, կրնայ լուծել պատմական ողբերգութիւն մը, միայն յուսախաբութեան պիտի առաջնորդէ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.