Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը հանդիպի շրջանի քաղաքական դէմքերուն


ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ ընկ. Վահէ Անտոնեան եւ ընկ. Յակոբ Տէր Յակոբեան, Ապրիլ 26-ին երեկոյեան, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ճազպիր Սանտուի հրաւէրին ընդհարաջելով Վանգուվըրի մէջ ներկայ եղան հաւաքի մը, ուր ներկայ էին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճեննի Սիմզ, Պրիթիշ Գոլոմպիայի նահանգային խորհրդարանի անդամներ, Սու Համել, Պրուս Ռալսթըն, Հարի Պէինզ եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան թեկնածու` նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճոն Հորկըն:

Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը առանձնազրոյցներ ունեցաւ վերոնշեալ քաղաքական դէմքերուն հետ: Պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Ճոն Հորկընին, որ իր կարգին հաստատեց, որ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութիւնը միշտ օժանդակած է հայկական դատին եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի հայ գաղութին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.