«Թուրքերը Պէտք Է Դատապարտեն Հայերուն Նկատմամբ Իրենց Նախնիներուն Կատարած Յանցագործութիւնները». Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուրքերը պէտք է դատապարտեն իրենց նախկիներուն՝ հայերուն նկատմամբ կատարած յանցագործութիւնները, քանի որ ատիկա է Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնների ապագան»: «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը. ցեղասպանութիւն, փախստականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» գիտաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ Միջազգային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչ Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին, որուն կարծիքով՝ եթէ ցեղասպանութիւնները մարդկութեան կողմէ չդատապարտուին, անոնք նոր յանցագործութիւններու ճամբայ կը բանան։
Վիքթոր Նատէին Ռայեւսքին հաստատեց, որ փաստ է, որ հայերուն դէմ յանցագործութիւնները կատարուած են Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին, ինչ որ հաստատուած է Օսմանեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ դատարանին կողմէ կայացած դատավարութեան՝ 1919 թուականին: «Միջազգային հանրութիւնը եւ հասարակական շրջանակները տակաւին այն ժամանակ վերջակէտ դրած էին այն իրողութեան, թէ ո՛վ մեղաւոր է հայերու ցեղասպանութեան գործադրութեան, մինչդեռ այդ վերջակէտը դրած էին եւրոպացիները, բայց ոչ թուրքերը», ըսաւ գիտնականը:
Հաւաքագրուած իրատեսական փաստաթուղթերուն թիւը կը վկայէ կատարուած ողբերգութեան իսկական տարողութեան մասին: «Թուրքերը որքան ալ չխօսին բնակչութեան եւ ունեցուածքի ոչնչացման մասին, յստակ է, որ խօսքը կը վերաբերի աւելի քան 2 հազար 500 բնակավայրերու, մօտ 2 հազար 400 եկեղեցիներու, հարիւրաւոր հայկական դպրոցներու, կազմակերպութիւններու, որոնց տէրերը յանկարծակի կերպով կորսուած են», պարզաբանեց բանախօսը՝ աւելցնելով, որ կատարուած իրադարձութիւններուն մասին առաջին աղմուկը բարձրացած է 1915-1916 թուականներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.