Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Քոտէրի ուղերձը Հայկական Ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով
1387
0
\n
\n
Հայկական Ցեղասպանութեան 99-ամեակի նախօրեակին, Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Քոտէր հրապարակեց իր պաշտօնական ուղերձը ուղղուած Մոնթրէալ քաղաքի հայութեան։
\n
\n
Իր խօսքին մէջ պրն. Քոտէր կը յիշեցնէ, որ 1997-ին Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը վաւերացուց յատուկ բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Մոնթրէալի բոլոր քաղաքացիներուն, որպէսզի Ապրիլ 24-ը յիշատակուի որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան օր։
\n
Քաղաքապետը կը յատնէ նաեւ, որ հակառակ երկարամեայ տառապանքին եւ վիշտին, այսօր 50 հազար հայկական ծագումով քաղաքացիներ Մոնթրէալը ընտրած են որպէս իրենց բնակավայրը։
\n
Իր խօսքի աւարտին, պրն. Քոտէր յոյս կը յատնէ, որ հայոց Ցեղասպանութեան նման արհաւիրքներ չկրկնուին պատմութեան մէջ։
\n