99 ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ՆԿԱՐՆԵՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ

\n

\n

24 Ապրիլը մօտեցած է եւ արդէն աշխարհի ամէն կողմը հայեր կը պատրաստուին մասնաւոր հանդիսութիւններով բանալու 1915-ի հարիւրամեակի տարին։ Այս պատրաստութիւններուն մէկ մասը արձագանգ գտած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Այսպէս՝ հաղորդուեցաւ որ 24 Ապրիլին Տիարպաքըրի Ամէտ Արուեստի Կեդրոնին մէջ պիտի բացուի լուսանկարչական ցուցահանդէս մը որ կը կրէ «Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն 99 դիմանկարներ»։ Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2 Մայիս։

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մարսէյլի «Արամ» Հիմնարկի ու Տիյարպաքըրի Քաղաքապետարանի գործակցութեամբ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.