Կեսարիոյ Համալսարանը Կը Մերժէ Հովանաւորել Ցեղասպանութեան Ուրացումը


 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պոլսոյ համալսարանի գիտաշխատող Մեհմետ Փերինչեք ծրագրած էր Ապրիլ 22ին Կայսերի (Կեսարիա) քաղաքի «Էրճիյէս» համալսարանին մէջ կազմակերպել «Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ կայսերապաշտական սուտ» խորագիրով խորհրդաժողով մը, սակայն թրքական «Օտա Թի.Վի.» կայանը Ուրբաթ, Ապրիլ 18ին հաղորդեց, թէ համալսարանի համապատասխան յանձնաժողովը մերժած է սոյն խորհրդաժողովին իրականացումը:
Փերինչեք դատապարտած է այս որոշումը՝ զայն համալսարանին համար խիստ ամօթաբեր համարելով: Ըստ անոր՝ շատ կարեւոր էր, որ խորհրդաժողովը յատկապէս Ապրիլ 24էն առաջ տեղի ունենար, որպէսզի տեղւոյն բնակիչները «ծանօթանային պատմական ճշմարտութեանց»: Փերինչեք այդ մերժումը համարած է քաղաքական հանգամանքներով պայմանաւորուած որոշում:
Նշենք, որ Մեհմետ Փերինչեք որդին է Զուիցերիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքելուն համար դատապարտուած, իսկ աւելի ուշ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին կողմէ անմեղ հռչակուած՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան տխրահռչակ ղեկավար Տողու Փերինչեքի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.