Թուրքիա Եւ Ատրպէյճան «Թուրանի Բանակ» Կը Հիմնեն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սկսած են հիմնելու «Թուրանի բանակ» կոչուած թուրք-իսլամական զինուորական միաւորումը, որուն առաջին քայլերուն ձայնը հնչեց Նախիջեւանէն՝ երկու երկիրներու զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ ռազմափորձերու ժամանակ:
Ատրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը այդ կապակցութեամբ կը գրէ, որ Հայաստանի հետ սահմաններուն մօտ ռազմափորձերուն կատարումը արդիւնք է անոր, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին քաղաքական-տնտեսական համագործակցութեան հարցերուն զուգահեռ քննարկուած են նաեւ միացեալ ռազմափորձեր կատարելու հարցեր:
Ըստ օրաթերթին՝ Թուրքիա «մտահոգ է» Սուրիայէն գաղթական հայերու եւ քիւրտերու՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակեցման կարելիութեամբ: Այդ պատճառով, Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ռազմափորձերուն ընթացքին զինուորներ «մտնեն ու դուրս գան գաղթականներու շրջաններ», կամ այնտեղ «հրթիռներ նետուին», որպէսզի Ղարաբաղ գաղթածները հասկնան, թէ հոն ապահով վայր մը չէ՝ նուազեցնելով հոն գաղթելու ցանկութիւնն ու հոլովոյթը:
Թերթը նախապէս գրած էր, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ղրղզս-տան եւ Մոնկոլիա կը նախաձեռնեն այսպէս կոչուած՝ «Թուրանի բանակ» ստեղծելու: «Թուրանի բանակ»ի նախագահութիւնը Թուրքիոյ մէջ է, իսկ սպայակոյտը երեք ամիս առաջ Անգարայէն տեղափոխուած է Պաքու, որուն պատճառը, ըստ թերթին՝ Ուքրանիոյ մէջ ընթացող եւ Ատրպէյճանին «սպառնացող» ռուսական «յարձակում»ի մը կապակցութեամբ պատգամ մը յղելն է:
Թերթը կը յայտնէ, որ այդ բանակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններ կամ հրոսակային պատերազմ մղելու պատրաստ խումբեր ունի, եւ առայժմ այդ գործողութիւններուն չի սկսիր, որովհետեւ Ատրպէյճանը «տակաւին կը զգուշանայ» Ռուսիայէն: Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած ռազմափորձերը թերթը կը գնահատէ իբրեւ «Թուրանի բանակ»ի առաջին «ռազմափորձ»: