ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ԿՐԱԿ ԵՒ ՍՈՒՐ
\n
\n
\n
30 Յուլիս 1909-ին, «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի»-ն հրապարակած է յօդուած մը «Քեսապի մէջ կրակ եւ սուր՝ հայերու ջարդերու սարսռացուցիչ պատմութիւններ» խորագրով։
Աւետարանական դաշինքի քարտուղար Հ. Մարթին Կուչ ստացած է պատուելի Սթեֆըն Վան Ռ. Թրոուպրիճէն երկարաշունչ նամակ մը, որ զինեալ թուրքերու եւ արաբներու կողմէ Քեսապի աւերման եւ անոր բնակիչներէն շատերու ջարդին մասին ահաւոր բացայայտումներ կը պարունակէ (կ՚ըսէ լոնտոնեան «Տէյլի Կրաֆիք»-ի Յունիս 19-ի թիւը)։ Պատմութիւնը սարսռեցուցիչ կերպով կը ներկայացնէ այր մարդոց, կիներու եւ մանուկներու քաջութիւնն ու տոկունութիւնը եւ, ինչպէս սպասելի է, կարգ մը պաշտօնատարներու արարքին եւ իսլամներու բարբարոսութեան վրայ լոյս կը սփռէ։
Թրոուպրիճ կը յայտնէ, որ Քեսապ 8000 բնակիչ ունեցող բարգաւաճ հայկական քաղաք մըն է, որ կը գտնուի Միջերկրականի ծովափին մօտ եւ Ալեքսանտրեթ-Լաթաքիա ճամբուն կիսուն գտնուող Կասիոս լերան (արաբերէնով Ժապալ Աքրա) լանջին։ Այժմ անիկա սեւցած աւերակներու կոյտ մըն է։ Դէպի ծովեզերք փախուստէն վերապրած եւ իրենց տուները վերադարձած 5000 այր մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ իրենց տուները թալանուած եւ հրդեհուած տեսնել։ Քեսապի շուրջ ձորերուն մէջ քրիտսոնէական 9 գիւղեր կային։ Անոնցմէ ոմանք հրոյ ճարակ դառնալով ամբողջովին քանդուած են։ Բոլորն ալ թալանուած են եւ անոնց անօգնական բնակիչները տեղահանուած կամ սպաննուած։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 22-ի գիշերը, Քեսապի պահակները լուր բերին, որ ամէնէն մօտ գտնուող իսլամական գիւղին մէջ զինեալ թուրքեր եւ արաբներ հաւաքուած են։ Անձկալից գիշեր մըն էր։ Ուրբաթ օր լուսաբացէն առաջ, կրակոցներ զինեալներու յարձակումին ազդանշանը տուին։ Հազարաւոր զինեալ իսլամներ երեք անջատ լեռնային ճաբաներով՝ հիւսիսէն, հիւսիս-արեւելքէն եւ արեւելքէն ձոր ներխուժեցին։ Անոնց Մարթինի տիպի հրացաններէն արձակուած փամփուշտները թիրախ դարձուցին Քեսապի բնակարանները, մինչ շրջանը պաշտպանելու համար դիրք բռնած 300 քրիստոնեաներուն հրացանները նոյնքան հեռահաս չէին։ Անհաւասար պայքար մըն էր եւ Քեսապի այր մարդիկը անդրադարձան իրենց կացութեան։
ՓԱԽՈՒՍՏ ԴԷՊԻ ԽԱՐԱԿՆԵՐ
Կիներն ու աղջիկները մանուկները իրենց կռնակներուն եւ ձեռքերուն վրայ շալկեցին եւ ուղղուեցան դէպի Գալատուրան։ Անոնք մագլցեցան Գալատուրանի խարակները, որոնք 5000 ոտք բարձրութեան վրայ կը գտնուին։ Կարգ մը փոքր խումբեր, ուրիշներ ամբողջովին մեկուսացած, պահուըտեցան փշոտ անտառներուն կամ քարայրներուն մէջ։
Երեկոյեան մօտ այր մարդիկը ստիպուեցան նահանջել, սակայն այդ մէկը կատարեցին առանց իրարանցումի կամ աղմուկի։ Եւ թուրքերն ու արաբները, որոնք քաղաքի փողոցներ ներխուժեցին թալանելու ցանկութենէն այնքան տարուած էին, որ զանոնք չհետապնդեցին։
Ամէնէն ցաւալի փորձառութիւններէն մէկը Գալատուրանի քարոզիչին կնկան՝ Ազնիւ Խանըմինն էր։ Ջարդէն 10 օր առաջ ան ծննդաբերած էր երկուորեակ մը՝ մանչ մը եւ աղջիկ մը։ Երբ դէպի լեռներ փախուստը տեղի ունեցաւ ան ուրիշներու հետ լեռ բարձրանալու ուժ չունէր, ուստի անոր ամուսինը զինք եւ իրենց չորս զաւակները պահեց գիւղին մօտ գտուող ժայռերուն մէջ եւ ինք ալ մօտակայ ժայռերուն մէջ պահուըտեցաւ։ Նորածիները խանձարուրի մէջ փաթթուած էին։ Թուրքերը շուտով գտան Ազնիւ Խանըմն ու անոր զաւակները։ Թուրքերէն մէկը հակառակ մօր աղաջանքին խլեց խանձարուրը եւ մանուկները ինկան քարերուն վրայ։
Ապա թուրքերը անոնց մօր կուրծքին դրին ատրճանակ մը եւ հրամայեցին, որ իսլամութիւնը ընդունի, սակայն ան քաջաբար մերժեց։ «Ուրեմն իմ գերիս ես», ըսաւ թուրքերէն մէկը եւ իր սուրին տափակ մասով սկսաւ կնկան ծեծել։ Ան սկսաւ զինք քաշել կապելու համար իր ձիուն, սակայն Ազնիւ Խանըմը գետին ինկաւ եւ երկար տարածքի վրայ տապլտկեցաւ։ Այդտեղ արեւուն տակ մնաց վիրաւոր եւ ուժասպառ։ Թուրքը թալանելու առիթ տեսնելով զինք լքեց։ Ապա թուրքերը անոր դրամը, հագուստը, կօշիկը եւ շուրջ 4 տարեկան աղջնակը առին։ Լաւ էր, որ ողջ մնաց։ Նորածիններէն մէկը մէկ շաբաթ ողջ մնաց, իսկ միւսը անկէ 10 օր ետք մահացաւ։ Ծառերուն տակ յուզիչ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։
Քեսապի մէջ արհեստաւորներուն բոլոր խանութներն ու առեւտրականներուն բոլոր պահեստանոցները հրկիզուած են։ Իրողութեան մէջ ամբողջ շուկան մոխիրի վերածուած է։ Կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները ամբողջովին հրկիզուած են։ Վերջինս մեծ շէնք մըն էր, որ 1800 հաւատացեալ կրնար ընդունիլ։ Ամերիկեան առաքելութեան բնակարանը, ուր կը բնակէր Ի. Մ. Չէյմպըրզը հրկիզուեցաւ, նոյն ճակատագիրին արժանացան աղջկանց երկրորդական վարժարանն ու տղոց նախակրթարանը, ինչպէս նաեւ Աւետարանական երիցատունը։
Աւետարանական դաշինքը, ինչպէս անցեալին, նիւթական օժանդակութիւն կ՚ուղարկէ վերապրող հայերուն, որոնք շատ մը պարագաներու ամէն ինչ կորսնցուցած են։
\n
«Տը Իվնինկ Նիուզ»
\n
«Տը Իվնինկ Նիուզ» Սիտնիի մէջ հրատարակուած առաջին երեկոյեան օրաթերթն էր։ Անիկա հրատարակուած է 29 Յուլիս 1867-էն մինչեւ 21 Մարտ 1931։
\n