66,000 Տոլարի Օգնութիւն Սուրիահայութեան


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հաւատացեալներուն միջոցներով գոյացած 56,000 տոլարի գումար մը արդէն իսկ փոխանցուած է ի նպաստ սուրիահայութեան, իսկ վերջերս 10,000 տոլարի փոխանցում մը եւս կատարուած է յատկապէս քեսապահայութեան համար:
«Եղբայրական նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր նիւթական աջակցութիւնը սուրիահայութեան եւ քեսապահայութեան՝ բացի Սուրիահայ օգնութեան հիմնադրամի (SARF) ձեռնարկներուն մեր հաւաքական մասնակցութենէն», նշուած է Արեւմտեան թեմի հաղորդագրութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.