Սուրիոյ պատերազմի «լաւ» եւ «վատ» ընդդիմադիրները

\n

\n

 

\n

Սուրիոյ «Վատ» ընդդիմադիրներու թիւը կը հասնի 32-42 հազարի կամ ըմբոստներու 42-46 առ հարիւրին

\n

 

\n

Չարլզ Լիսթըր ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 4 Սեպտեմբերին Ծերակոյտին յայտնեց, որ «վատ մարդիկն» ու «ծայրայեղականները» սուրիական ընդդիմութեան 15-էն 25 առ հարիւրը կը կազմեն։ Իրականութիւն շատ աւելի բարդ է, ինչ որ մեծ նշանակութիւն ունի ամերիկեան ռազմական հաւանական քայլի մը համար։

\n

Առաջին հերթին կարեւորագոյն կէտը այն է, որ ըմբոստութիւնը պարզապէս կարելի չէ ազդու կերպով բաժնել երկու պարզ դասակարգերու՝ «չափաւորականներու» եւ «ծայրայեղականներու»։ Մինչ գնահատականները կը տարբերին, սակայն ներկայիս կը կարծուի, որ Սուրիոյ մէջ հազար զինեալ խմբաւորում կայ, որոնց շարքին կը կռուին շուրջ հարիւր հազար զինեալներ։ Այս խմբակներուն մեծ մասը փոքր են եւ աշխարհագրական շատ նեղ շրջանակի մը մէջ կը գործեն, սակայն գոյութիւն ունին դաշինքներու եւ հրամանատարութեան ու վերահսկողութեան թոյլ գիծեր, որոնք կացութեան վրայ որոշ լոյս կը սփռեն։

Ամէնէն ծայրայեղական խմբաւորումները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք Քայիտայի առնչուած են իրենց ներուժը լայն տարածքներու վրայ տարածելու, վճռորոշ պահու ճակատամարտներու միանալու եւ իրենց կազմակերպական ցանցը տարածքներու վրայ քաղաքական վերահսկողութիւն հաստատելու համար օգտագործելու իրենց կարողութիւնը ցոյց տուած են։

Միւս կողմէ՝ նաեւ հակամարտութիւնը կարելի չէ մէկ պրիսմակէ դիտել կամ մէկ ռազմաճակատով ներկայացնել։ Մինչ զինեալ խմբաւորումներուն թիւը աճած է եւ հակամարտութիւնը իր երրորդ տարին մուտք գործած է՝ բազմաթիւ իւրայատուկ եւ երբեմն փոխկապակցուած ռազմաճակատներ յառաջացած են։ Եզրերու օգտագործումը եւս դժուար գործ է։ 

Ընդհանուր առմամբ հակամարտութիւնը 2013-ին սկսած է ընթանալ յարանուանական հիմերու վրայ։ Նոյնիսկ Արեւմուտքի աջացութիւնը վայելող Սուրիական ռազմական խորհուրդի ամէնէն բարձրաստիճան հրամանատարները ներկայիս իրենց յայտարարութիւններուն մէջ հակա-շիի եւ հակա-ալեւի եզրեր կ՚օգտագործեն։ Սակայն ամէնէն կարեւորը ըմբոստութեան բնոյթն ու բաղադրութիւնն է։ Երբ Քերրի պնդեց, որ «ծայրայեղականները» ընդդիադիր զինեալ ուժերու 15-էն 25 առ հարիւրը կը կազմեն, ան նաեւ նշեց, որ սուրիական ընդդիմադիր զինեալներու ընդհանուր թիւը 70-էն 100 հազարի միջեւ է։ Այսինքն անոնցմէ շուրջ 10,500-էն 25,000-ը «վատ մարդիկ» են, ինչ որ փոքր թիւ չէ։ Երկրորդ՝ մինչ կարելի չէ ճշդել, թէ որ խմբաւորումները այս 15-25 առ հարիւրին մաս կը կազմէ, իրողութիւնը այն է, որ Արեւմուտքին նպատակներուն հակասող քաղաքական-կրօնական նպատակներ ունեցող ընդդիմադիր խմբաւորումներուն համեմատութիւնը աւելի բարձր է։

Ըմբոստութեան ամէնէն «ծայրայեղ» հատուածը կը ներկայացնեն Քայիտայի առնչուած երկու խմբաւորումները՝ Ժապհաթ Նուսրան ու Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը(ՏԱՀԵՇ), որոնք միասնաբար 7-էն 10 հազար զինեալներ ունին եւ Սուրիոյ 14 նահանգներէն 11-ին մէջ տարածուած են։ Երկու խմբաւորումներն ալ հաւատարմութիւն յայտնած են Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրիի եւ Արեւմուտքի նկատմամբ բացայայտ թշնամանք կը տածեն։ Այս թիւին կողքին, երկրին հիւսիսի եւ արեւելքի մէջ գոյութիւն ունին Քայիտայի առնչուած առնուազն 10 աւելի փոքր խմբակներ, որոնց զինեալներու ընդհանուր թիւը 2-3 հազար է։

Հաւանական «վատ մարդոց» ցանկին պէտք է աւելցնել Հարաքաթ Ահրար ալ-Շամ ալ-Իսլամիյան եւ անոր Սուրիական Իսլամական Ճակատը։ Վերջինս առնուազն 15-էն 20 հազար զինեալներ ունի, որոնք կը գործեն 11 նահանգներու մէջ։ Մինչ նշեալ խմբաւորումը իր գործողութիւնները Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կը համակարգէ, 2013-ի Փետրուարին հրապարակուած անոր քաղաքական ծրագիրը յստակ կերպով կոչ կ՚ուղղէ՝ հաստատելու իսլամական պետութիւն մը եւ կը մերժէ ժողովրդավարութեան գաղափարը, զայն նկատելով մարդակերտ գաղափար մը։ Ուրեմն «վատ մարդիկ»-ը կը կազմէն 24-էն 33 հազար զինեալներ կամ ըմբոստութեան 33-34 առ հարիւրը, ինչ որ արդէն իսկ 2013-ի Սեպտեմբեր 4-ին նշուած 15-25 առ հարիւր համեմատութենէն բարձր է։

Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել Սուքուր ալ-Շամը, որ 8-9 հազար զինեալներ ունի եւ կը գործէ Իտլիպի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ։ Այս խմբաւորումը եւս կտրուկ կերպով կը մերժէ ժողովրդավարութիւնը եւ կոչ կ՚ուղղէ իսլամական պետութիւն մը հաստատելու։ Աւելին, վերջինս անդամ է Սուրիական Իսլամական Փրկութեան Ճակատին, որուն մաս կը կազմեն 19 իսլամական եւ սալաֆական խմբաւորումներ, որոնց ղեկավարը Սուքուր ալ-Շամի հրամանատար շէյխ Ահմատ Ապու Իսան է, սակայն գերագոյն հրամանատարութիւնը Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող Սուրիական Զինուորական խորհուրդը եւ անոր ղեկավար Սալիմ Իտրիսն է։ Սուքուր ալ-Շամը 2013-ին աւելի հարած է Հարաքաթ Ահրար ալ-Շամ ալ-Իսլամիյային եւ անոր յայտարարութիւնները աւելի ծայրայեղական դարձած են։ Այս գումարումով «վատ մարդոց» թիւը, վատ ընդդիմադիրներու թիւը կը բարձրանայ 32-42 հազարի կամ ըմբոստներու 42-46 առ հարիւրին։

Ասոնք կը կազմեն այն զինեալ խմբաւորումները, որոնց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասնիլը կտրուկ կերպով կը հակասէ Սուրիոյ ապագայ իշխանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի պատկերացումին։

\n

Չարլզ Լիսթըր այցելու անդամ է Պրուքինկզի Տոհայի կեդրոնին։ Ան նախապէս ղեկավարն էր HIS Jane’s Terrorism and Insurgency Center-ի Միջին Արեւելքի բաժանմունքին։ Լիսթըրի ներկայ հետազօտութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ ներկայ կացութեան, մասնաւորաբար սալաֆական եւ ժիհատական խմբաւորումներու աճին վրայ։ Ան ներկայիս կ՚աշխատի գիրքի մը վրայ, որուն խորագիրն է ‘ The Jihadist Insurgency in Syria’։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.