ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ ԵՂԱԾ Է ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ԿՌԻՒՆԵՐՈՒՆ

\n

\n

 

\n

Դիւանագիտական աղբիւրներ եգիպտական «Ժումհուր» կայքին յայտնած են, որ թրքական բանակը աջակցած է անցեալ ամիս Քեսապի շրջանին մէջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու յաղթանակներուն, եւ գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լռելեայն նոր գործակցութիւն մը ՝ զսպելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ ստիպելու, որ ան ընդունի քաղաքական լուծում մը, որ կը ներառէ նաեւ անոր հեռացումը իշխանութենէն։

Կայքը՝ աղբիւրները վկայակոչելով յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է ուժեղ կերպով սուրիական թղթածրարին ձեռնամուխ դառնալ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ իր կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակէն ետք։

Աղբիւրները նշած են, որ Էրտողան ի գին ամէն ինչի պիտի չ՚արտօնէ, որ Սուրիոյ հետ իր երկրին սահմանին վրայ ալեւիական պետութիւն մը գոյանայ, մանաւանդ այն բանէն ետք, որ վերջին ամիսներու ընթացքին թրքական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութեանց շուրջ հետաքննութիւնները ալեւի թուրքերու մեղսակցութիւնը ցոյց տուած են։

Նշեալ կարգ մը խմբաւորումները թրքական քաղաքներուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ Պաշշար Ասատի նկարները բարձրացուցած էին, ինչ որ կեդրոնական իշխանութեանց մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր։

Աղբիւրները նշեցին, որ թրքական կառավարութիւնը Իրանի ազդեցիկ դէմքերէն՝ «Քուտս» զօրասիւնի հրամանատար Քասեմ Սալմանիի կողմէ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ։ Վերջինս մեծ ազդեցութիւն ունի ալեւի թուրքերուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ իրարանցում ստեղծելու համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն աջակցութիւն ստացող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան մօտ։ 15 հազար կռուող հաշուող «Քուտս» զօրասիւնը մասնայատուկ զինուորներու ուժ է, որ մաս կը կազմէ Իրանի »Յեղափոխական պահակներ«ու գունդին: 

Քառաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Թուրքիա կ՚ուզէ իր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանել, իսկ Օպամայի վարչակազմը անցեալ հանգրուանին թուրքերուն դիմած է գոյացնելու համար նուազագոյն վնասներով Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համաձայնութիւն մը։ Ամերիկացիները կը ջանան ուժերու հաւասարակաշռութիւնը փոխել ստիպելու համար, որ Ասատ ընդունի զինք իշխանութենէն հեռացնող լուծում մը։ Միացեալ Նահանգներ նաեւ Ասատի յանկարծակի տապալումէն կը զգուշանան՝ մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութեանց (ալեւի, քրիստոնեայ) դէմ նախատեսելի ահաւոր ջարդերու համար եւ Իսրայէլի ապահովութեան վտանգման համար պատասխանատու կրնան նկատուիլ։ 

Այլ աղբիւրներ վստահեցուցած են, որ Քեսապի մէջ ընդդիմութեան արձանագրած յաղթանակները թրքական բանակի ուղղակի աջակցութեամբ իրագործուած են։ Աղբիւրները նշեցին, որ Էրտողան տեղական քաղաքապետական յաղթանակէն գինովցած է եւ կը ջանայ Ասատի ամրոցը եղող շրջաններուն մէջ արտաքին յաղթանակ մըն ալ արձանագրել եւ այդպիսով Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ռազմական լուծումներու յաղթաթուղթը իր ձեռքին մէջ ունենալ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.