Թուրքիա Ցեղասպանութեան Ուրացման Նոր Արշաւի Կը Դիմէ Ամերիկայի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի վաւերացումէն ետք, Թուրքիա Ցեղասպանութեան ուրացման նոր արշաւի մը սկսած է Ամերիկայի մէջ: Թրքական «turkishny» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս նպատակով յատուկ խումբ մը ստեղծած է՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդականներէն Իպրահիմ Քալընի: Խումբը ակադեմական եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ հակագործողութիւն պիտի ծաւալէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար հայկական Սփիւռքի աշխատանքներուն դէմ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.