Ռազմաճակատը այսօր

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան այսօրուան մամլոյ ասուլիսի սեղմագիրը.

  • Ատրպէճանը ռազմական գործողութիւններուն օդային ղեկավարումը յանձնեց Թուրքիոյ։ Թրքական «F-16» կործանիչներու, Ատրպէճանի «ՍՈՒ-25» գրոհիչներու եւ այլ միջոցներու գործողութիւնները կը ղեկավարուին Թուրքիոյ պատկանող օդային ղեկավարման կէտէն։
  • Առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ օդային հարուածներ կը հասցուին Արցախի Զինուած ուժերուն, Հադրութի եւ Մարտունիի խաղաղ բնակիչներուն։
  • Հակառակորդն իր տապալուած յարձակումներուն պատճառաւ ունի 130 զոհ, 200 վիրաւոր։
  • ՀՀ Զինուած ուժերը խոցած է 29 թնդանօթ եւ զրահային սարքաւորում, 3 ծանր հրանետային համակարգ «ՏՕՍ», 1 «Սմերչ» համազարկային կրակի հակազդակ կայանք, 11 անօդաչու թռչող սարք։
  • Մարտերն այս պահուս կը շարունակուին տարբեր ուժգնութեամբ եւ տարբեր ուղղութիւններով։
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի
«Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն» ՊՈԱԿ-ի
սփիւռքի բաժին
«Հայերն այսօր»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.