ՔԵՍԱՊԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԻՆ ԳՈՅԱՑԱՒ 25 000 ՏՈԼԱՐ

\n

\n

Քեսապի հայութեան տեղահանութիւնը, Դատապարտում Թուրքիոյ ծրագրած եւ հովանաւորած ծայրայեղական խմբակներու վայրագ եւ անակնկալ ներխուժումը հայաւան Քեսապին, դէպի Լաթաքիա քաղաք տարագրուած Քեսապահայութեան համար մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպումը եւ բոլոր այս նիւթերը առանցքը կազմեցին կիրակի 13 Ապրիլին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը հաւաքուած երկու հարիւր հայորդիներու մտասեւեռումներուն:

\n

Հաւաքը կազմակերպած էր Թորոնթոյի հայ կրօնական յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները եւ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները համախմբող՝ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Թորոնթոյի Հանգանակիչ Մարմինը:

\n

Բացման խօսքով հաւաքը առաջնորդեց կազմակերպիչ մարմնի  ատենապետ Կարօ Միսիրեան: Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Համադրիչ Մարմնի ատենապետ եւ հաւաքին գլխաւոր բանախօս Ժան Հալլաճեան ներկայացուց օրուայ հրամայականը եւ շեշտեց սփիւռքահայութեան պարտաւորութիւններու մասին, Սուրիոյ եւ Քեսապի հայութեան ապրած ճակատագրական այս հանգրուանին:

\n

Օրուայ Եզրափակիչ ոգեւորիչ պատգամը տուաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հայր Մեղրիկ  Ծ. Վրդ. Բարիքեանը:

\n

Յայտագրին մէջ նաեւ ընդգրկուած էր սրտի աղօթք առ ի Բարձրեալն Աստուծոյ  յատկապէս գրուած Քեսապի համար Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի կողմէ:

\n

Քեսապահայերու զգացումներու թարգմանը հանդիսացաւ Թորոնթոբնակ Քեսապահայ Ռաֆֆի Սարգիսեան: Ան Քեսապի բարբառով ոգեշունչ տողերով փոխանցեց իր սրտի խօսքը:

\n

Քեսապի դէպքերու եւ Քեսապահայերու ներկայ իրավիճակին մասին զեկուցեց Քեսապի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան skypeի միջոցաւ: Յայտագրի ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցան վաւերագրական տեսաերիզ եւ նկարներու սահիկներ:

\n

Ձեռնարկի աւարտին հանգանակուեցաւ շուրջ $ 25 000 տոլար:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.