Քեսապի Հիւսիսային Շրջաններուն Մէջ Թէժ Մարտերը Կը Շարունակուին

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լաթաքիոյ Նապաին շրջանին եւ Քեսապի հիւսիսային շրջաններուն մէջ Հինգշաբթի, Ապրիլ 10ի առաւօտեան թէժ մարտեր տեղի ունեցած են կառավարութեան համակիր եւ իսլամ ծայրայեղական ուժերուն միջեւ:
\n Ըստ «Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանց»ի «Ֆէյսպուք»ի կայքէջին՝ սուրիական բանակը կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները՝ օդային յարձակումներ իրականացնելով զինեալներու հաւաքատեղիներուն վրայ: Բախումներուն հետեւանքով տասնեակ զինեալներ սպաննուած են:
\n Միւս կողմէ, թրքական կողմը կը շարունակէ օժանդակել զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք թրքական տարածքներէն մուտք կը գործեն սուրիական հողեր:
\n Լաթաքիոյ մէջ միջադէպեր չեն արձանգրուած եւ կեանքը կ՛ընթանայ իր բնականոն հունով: Մինչ այդ, «Ճազիրա»ն կը տեղեկացնէ, թէ ընդդիմադիրները Լաթաքիոյ հիւսիսը քանի մը կարեւոր կէտեր գրաւած են: Ըստ կայանին՝ «կառավարական ուժերը կեդրոնացած են Պասիթ գիւղին մէջ եւ կը ռմբակոծեն Քեսապ գիւղաքաղաքի ուղղութեամբ: Սուրիոյ ազատ բանակը կանխած է կառավարական ուժերուն Չալմա լեռ ներթափանցելու փորձերը»:
\n Միւս կողմէ, «Լիուա Իսլամ»ը յայտարարեց, որ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Ռանքուսի ճակատամարտին ընթացքին, իր շարքերէն 140 զինեալներ սպաննուած են: Մնացեալ զինեալները հեռացած են Քալամունի գիւղական շրջանը գտնուող Զապատանի գիւղաքաղաքի ուղղութեամբ: Նշենք, որ նախքան Ռանքուս մուտք գործելը, Սուրիոյ բանակը գրաւած էր նաեւ Սէյտնայայի ռազմավարական դիտարանը, ուր կը գտնուի սուրիական բանակի զօրանոց մը:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.