Հայկական Երեք Կուսակցութիւնները Կը Յորդորեն Չհաւատալ Սուտ Լուրերու


Լիբանանի մէջ գործող հայկական Ազգային երեք կուսակցութիւններու ղեկավար մարմինները միացեալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, յորդորելով հանրութիւնը հաւատք չընծայել տարածուող սուտ լուրերու:
Ստորեւ կը հրապարակենք սոյն յայտարարութիւնը.

Վերջին օրերուն Քեսապի եւ քեսապահայութեան հարցով բաւական մեծ թափ ստացած է ապատեղեկատուութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ անհիմն եւ անճիշդ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ:
Այս շարքին վերջինը կը հանդիսանայ իրականութեան չհամապատասխանող այն լուրը, թէ 1500 հայ զինեալներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Լիբանանէն հասած են Թարթուսի նաւահանգիստ՝ այնտեղէն մեկնելու համար Քեսապ:
Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները հիմնովին կը հերքեն այս ապատեղեկատուութիւնը, որ ամէն պարագայի վնասաբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ:
Կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն տեղական եւ շրջանային հարցերուն մէջ հայութեան որդեգրած՝ հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու վարքագիծը:
Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները բոլոր լրատուամիջոցներուն կոչ կ՛ուղղեն միայն ստոյգ եւ իրականութեան համապատասխանող լուրեր հաղորդելու, մերժելով անհիմն եւ յերիւրածոյ նիւթերը:
Մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը, գիտակից հայութեան քաղաքական վարքագիծին, հաւատք չընծայեր նման սուտ լուրերու եւ որեւէ ձեւով չի նպաստեր ապատեղեկատուութեան քաղաքականութեան տարածման:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.