Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած «Նոր Ծաղիկ»ի գերազանց համերգը
Կիրակի, 6 Ապրիլի երեկոյեան, «Նոր Ծաղիկ»ը բացառիկ համերգ մը տուաւ: Համերգին վայրն էր Մոնթրէալի Մարոնի համայնքի Մայր Եկեղեցին՝ Սէն Մարոնը, որ կը յորդէր բազմութեամբ: Համերգը կը վայելէր Օրհնութիւնը Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի՝ Առաջնորդին Գանատայի Հայոց Թեմին, Հովանաւորութիւնը՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Մեծայարգ Դեսպանին՝ Պրն. Արմէն Եգանեանի, եւ Նախագահութիւնը Միրաքեան ընտանիքին:
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր այս համերգով ինքզինք գերազանցեց: Հսկայ եւ նուրբ աշխատանք էր կատարուած խմբավարին՝ Տիկ. Էլօ Հարպոյեանի կողմէ: Յայտագիրը երկու մասէ կը բաղկանար: Առաջին մասը փունջ մըն էր այլազան երգերու: Երգչախումբը զանոնք մեկնաբանեց Տիկ. Դալար Գալլօղլեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ: Փունջէն՝ Սմբատ Շահազիզի «Երազը» երգը ձօնուեցաւ համայնքին Պատուակալ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի Քահանայական Օծման 40-ամեայ տարեդարձին:
Յայտագրին երկրորդ մասը Բարսեղ Կանաչեանի խմբագրեալ, պատշաճեցեալ եւ վերամշակեալ «Նանօր»ին մեկնաբանութիւնն էր: Այս նոր կտաւին անունն էր՝ «Նանօրի Ուխտը»: Պատշաճեցման եւ վերամշակումի աշխատանքը գործն էր երաժիշտ Պետրոս Շուժունեանի: Երաժիշտը եռաձայն պատշաճեցման աշխատանքին հետ, նաեւ գեղադրուագ հիւսուածքով նուագախումբի ընկերակցութիւն վերամշակած էր: Նուագախմբային բաժինը դաշնակի եւ լարային գործիքներու համար էր գրուած: Դաշնակահարը՝ Տիկ. Դալար Գալլօղլեան ուշադիր ընկերակցողն էր, եւ տաղանդաւոր մենանուագողը: Լարային նուագախումբին պատասխանատուն էր Վան Արմէնեան, որուն ներդրումը բարձր գնահատուեցաւ համերգը իրականացնողներուն կողմէ:
Մեներգով մասնակցեցաւ Էլի Պէրպէրեան: Ան պայծառ ձայնով երգեց ու ներշնչեց:
Նուագախումբ եւ երգչախումբ երկխօսաբար քերթուածերգին տուին նոր շունչ մը: Արդարեւ, քերթուածերգը արձանագուեցաւ որպէս պատշաճագոյն եւ հիանալի իրագործում մը Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սեմին: