Քեսապի զօրակցական հաւաքներ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ

\n

\n

 

\n

ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 3-ին Քեսապի զօրակցական բողոքի հաւաքներ տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ։

\n

Թորոնթոյի բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ տեղւոյն թրքական հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց։ Ցոյցի ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յարութ Գասապեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամ Ալեք Օհանեան, սուրիահայ ուսանող Ռազմիկ Պէպէճեան, ԳԵՄ-ի անդամ Քեսապի արմատներով Ռուբինա Սարգիսեան, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին թրքական պետութեան գործօն մասնակցութիւնը Քեսապի դէպքերուն։

\n

Թորոնթոյէն եւ Գէմպրիճէն ժամանած 600 երիտասարդներ, համալսարանական ուսանողներ ՀՕՄ-ի Գոլոլեան Երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ թորոնթոհայ ազգայիններ կը մասնակցէին ցոյցին։

\n

Մօտ 20-25 թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ հիւպատոսարանին դիմաց հակադարձեցին հայկական կողմի բողոքի հաւաքին։ Անոնք յատկապէս իրենց ձեռքերով թրքական «Գորշ Գայլեր» ազգայնամոլ կազմակերպութեան գայլակերպ նշանը պարզած էին եւ պատառներու վրայ գրուած հակահայ լոզունգներ ունէին, ինչպէս՝ «Հայեր դուրս եկէք Ղարաբաղէն»

\n

Նոյն օրուան ընթացքին, Մոնթրէալի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) շէնքին դիմաց կայացաւ բողոքի ցոյց, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ։ Բողոքի հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն ժամանած շուրջ 500 ազգայիններ։ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ խօսք առաւ Միրնա Ֆուտուլեան, իսկ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Կորիւն Գոյունեան։ Ցուցարանրները ՄԱԿ-էն պահանջեցին ապազինել Քեսապn ու շրջակայքը եւ դատապարտեցին թրքական յարձակապաշտ ընթացքը։

\n

\n

 

\n

\n

(Թորոնթոյի լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի)

\n

\n

 

\n

\n

 

\n

\n

 

\n

\n

 

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.