Քեսապի մէջ մնացած են 14 տարեցներ


ԼԱԹԱՔԻԱ «Եռագոյն».- Լաթաքիայէն հասած լուրըրու համաձայն, Քեսապ մնացած 38 քեսապցիները կամաց կամաց Լաթաքիա կը հասնին, ներկայ դրութեամբ Քեսապ մանացած է 14 քեսապցի, որնոց հետ նոյնպէս փորձ կը կատարուի կապ հաստատել եւ հասցնել Լաթաքիա։

Նշենխ, որ Երկուշաբթի 31 Մարտի առաւօտուն, Քեսապէն Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Լաթաքիա) հասած են երեք տարեցներ. Ժոզէֆ Սաղտըճեան (94 տարեկան) Յակոբ Ղազարեան (այլզայմըրով հիւանդ, 85 տարեկան) եւ կինը՝ Արփինէ Չոլագեան (73 տարեկան): Անոնք մնացած էին Գարատուրանի իրենց բնակարաններուն մէջ:

Միւս կողմէ, Լաթաքիա ապաստան գտած քեսապցիներէն մաս մը արդէն փոխադրուած է Այնճար, ուր տեղւոյն պատասխանատուներու եւ գիւչի բնակչութեան հոգածութեան արժանացած է: Այնճար ժամանած քեսապահայ աշակերտներ սկսած են յաճախել գիւղի Ազգային վարժարան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.