Անգարա Կը Ղեկավարէ Հիւսիսային Սուրիոյ Վրայ Յարձակումը. Հայկական Նոր Բռնագաղթ

\n

\n

Այն պահուն, երբ սուրիական բանակն ու իր դաշնակիցները յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին երկրի կեդրոնական մասերուն ու Դամասկոսի գիւղական շրջակայքին մէջ եւ իրենց դիրքերը կ՛ամրապնդէին Հալէպի նահանգին մէջ իրենց վերատիրացած շրջաններուն մէջ, եւ նկատի առած, որ ոչ մէկ լուրջ տուեալ կայ, թէ հնարաւոր է ուժերու հաւասարակշռութիւնը էապէս խախտել հարաւային ճակատին վրայ, Թուրքիա որոշեց նոր ճակատամարտ շղթայազերծել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի գիւղական շրջաններու առանցքներուն վրայ:

\n

Ճակատամարտը (գէթ տեղեկատուական դաշտին վրայ) կը ղեկավարէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որուն կուսակցութիւնը կը գտնուի քաղաքապետական ընտրութիւններու սեմին:

\n

Ճակատամարտի սկիզբէն ոչ ոք կարիքը զգաց չափաւորական ընդդիմադիրի դիմակը կրելու. Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններ ներխուժած ուժերու ողնաշարը կազմեցին «Ժապհաթ Նուսրա»-ի զինեալներն ու «Քայիտա»-ի այլ ճիւղաւորումները: Թուրքիա եւ իր դաշնակիցները կ՛ուզեն կասեցնել Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը, եւ Սուրիոյ վարչակարգին ու անոր դաշնակիցներուն թափը կտրել: Ուրեմն ասիկա կռուի դաշտին վրայ մղուելու կողքին, նաեւ հոգեբանական ու բարոյական ճակատամարտ է, որուն յստակ պատգամը այն է, թէ մէկ կողմէ Թուրքիոյ եւ Քաթարի, իսկ միւս կողմէ` Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տարակարծութիւնները չեն նշանակեր, թէ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւնները փոփոխութեան ենթարկուած են:

\n

***

\n

Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ, Քեսապի «Նապհայն»-ի ճամբուն վրայ ընդդիմադիր զինեալներուն եւ «Ազգային պաշտպանութեան ուժեր»-ուն միջեւ սաստիկ բախումներու ընթացքին սպաննուեցաւ այդ ուժերուն Լաթաքիոյ հրամանատար, (ըստ ոմանց), Սուրիոյ նախագահի հօրեղբօրորդի Հիլալ Ասատ:

\n

Ճակատամարտին ընթացքին սրտին արձակուած փամփուշտ մը նահատակը միացուց շարքերուն այն տասնեակ երիտասարդներուն, զորս Լաթաքիան զոհաբերեց Քեսապն ու անոր շրջակայ բարձունքները ազատագրելու զինուորական գործողութիւններուն ատեն: Հ. Ասատի նահատակութեան լուրի հաստատումէն առաջ անշարժութիւնն ու շփոթը տիրեցին քաղաքի ու շրջակայքի քաղաքայիններուն ու զինուորականներուն վրայ:

\n

Լուրի հաստատումին առընթեր, ընդհանուր խուճապ տիրեց, երբ երկու հրթիռներ աննախընթացօրէն հարուածեցին քաղաքին կեդրոնը` պատճառելով երեք զոհ եւ հինգ վիրաւոր: Ապահովական ուժերը շրջապատեցին հրթիռներու հարուածած թաղամասը, «8 մարտ» փողոցն ու քաղաքամէջի «Շէյխ Տահեր» հրապարակը: Քաղաքի մուտքերն ու ելքերը փակելու որոշումը վախ պատճառեց բնակիչներուն, թէ կրնան անակնկալ ցնցումներ պատահիլ` նկատի առած Քեսապի ճակատին վրայ տիրող խուճապը:

\n

Շուտով քաղաքին մէջ դադրեցաւ երթեւեկը, վաճառատուները փակուեցան, եւ անցորդները անհետացան: Հատ ու կենտ կրակոցներ լսուեցան, եւ ժողովուրդը սկսաւ գուշակութիւններ ընել, հիւսիսային գիւղական շրջաններու մարտական դրութեան վատթարացումին առընթեր:

\n

Ամէն չափանիշով ճգնաժամային պահեր ապրեցան լաթաքիացիները, երկու օր անընդհատ ճչացող շտապ օգնութեան կառքերու փողերու ձայնին ազդեցութեան տակ:

\n

Զինեալները գրաւած էին Քեսապի մէկ մասը:

\n

Բազմաթիւ առանցքներու վրայ միաժամանակ յարձակումներ շղթայազերծած զինեալներուն դէմ սաստիկ բախումներ ունեցան սուրիական բանակն ու Ազգային ինքնապաշտպանութեան ուժերը: Բանակային աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ «բռնագրաւուած շրջաններու վերատիրացումը ժամանակի հարց է միայն»:

\n

Լաթաքիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ զինեալները նոր եւ բծախնդրօրէն մշակուած մարտավարութիւն կիրարկած են: Զինուորական աղբիւրներ կ՛ըսեն, թէ «Ղազուաթ Անֆալ» (արդարացի աւարման ներխուժում) կոչուած գործողութեան հրամանատարը թուրք զօրավար մըն է:

\n

Այս տեղեկութեան ճշգրտութենէն անկախ, հաստատ է, որ թրքական պետութիւնը յստակօրէն խախտած է սահմաններու պաշտպանութեան գծով միջազգային համաձայնագրերը. սահմանագիծին վրայ սանձարձակութիւնը նորութիւն մը չէ: Վերջին երկու տարիներուն Թուրքիա դիւրացուց «Ազատ բանակ»-ի շարժումը եւ գումակային օժանդակութիւն տուաւ անոր: Ասոր դիմաց, սուրիացիք պարպեցին արեւելեան սահմանային շրջանները եւ զանոնք յանձնեցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ – Փէ. Քէ. Քէ.):

\n

Քեսապի վրայ «Ահրար Շամ»-ի եւ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի զինեալներու յարձակումը սկսաւ «Նապըհ մըր» (լեղի ակ), «Թալլեթ Սախրա» (ժայռ ու բլուր) եւ Քեսապի սահմանակէտին վրայ միաժամանակ յարձակելով: Անոնք արիւնալի բախումներէ ետք գրաւեցին այդ կէտերը: Հոն կռուած զինուորներէն մէկը յայտնեց, որ «Նապըհ մըր»-ի վրայ յարձակելով` զինեալները աննախընթաց յառաջխաղացք իրագործեցին, որովհետեւ անիկա կ՛իշխէ պարենաւորման ճամբուն վրայ:

\n

«Ժապալ Նըսըր» (արծուի լեռ) իր կարգին ինկաւ զինեալներուն ձեռքը եւ ամրապնդեց անոնց դիրքերը` կարելիութիւն տալով, որ արձակազէնի կրակի տակ պահեն «Նապհայն»-ի ճամբան, ինչպէս նաեւ` Պատրուսիէի վրայով շէյխ Հասան ծովեզերքի ճամբան: Այս վերջին ճամբու փակումը վատթարացուց կացութիւնը, որովհետեւ անիկա վերջին երկու տարիներուն Քեսապ հասնելու միակ ապահով ճամբան էր:

\n

Այս կացութիւնը արգիլեց օգնութեան ուժեր հասցնել Սամրա գիւղ (ծանօթ` «Տայհա Տայիա», կորսուած գիւղ անունով): Հարկ եղաւ սուր հակայարձակումով զինեալներէն ետ խլել «Սախրա» բլուրը:

\n

Զինեալներուն անթել խօսակցութիւնները ունկնդրելէն ի յայտ կու գայ անոնց գոհունակութիւնը` որդեգրուած մարտավարութեան արդիւնքներէն. անոնցմէ փոքրաթիւ խմբակներ անակնկալ ներթափանցումով բանալի դիրքերէ կ՛անդամալուծեն պաշտպանողները, կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքը եւ արձակազէններով կը պաշտպանեն բարձունքներու վրայով յառաջացող իրենց գլխաւոր ուժերը: Մանրամասնօրէն սերտուած յարձակումի ծրագիրը արգիլեց օդուժի օգտագործումը, որովհետեւ կարելի չէր ստուգել թշնամիներու յառաջխաղացքի կէտերը:

\n

Սուրիական օդուժը ստիպուեցաւ ռմբակոծել զինեալներու հաւաքման սահմանամերձ վայր մը: Թրքական հակաօդային համակարգը վար առաւ սուրիական օդանաւը, որուն անձնակազմը փրկուեցաւ:

\n

Սուրիական բանակի «Մարսատ 45»-ը (թիւ 45 դիտարան), որ ամէնէն ուժեղն է, դիմացաւ` հակառակ վայրագ ու իրերայաջորդ յարձակումներու:

\n

Օգնութեան ուժերը քիչ-քիչ սկսան հասնիլ ճակատ, բայց սուրիական բանակի հիմնական կարիքը թրքական կողմէ չէզոքացումն էր, որովհետեւ սահմանագիծը արգելք կ՛ըլլար բանակին` թափանցելու եւ հարուածելու խմբուող ու ներթափանցող զինեալները:

\n

Այս կացութիւնը ցասում կը պատճառէ սուրիացի զինուորներուն, որոնց աւելի կը զայրացնէր զինեալներուն անթել խօսակցութենէն ի յայտ եկող Ծոցի առոգանութիւնը:

\n

Զինուորական աղբիւր մը կը հաւաստէ, որ թրքական դերակատարութիւնն է, որ շրջեց կացութիւնը: «Նապըհ մըր» (լեղի ակ) սուրիական բանակին դիրքէն կը դիտուին «Ֆաուլաք» եւ «Ռապիհա»-ի մարտադաշտերը, իսկ դէպի արեւմուտք կարելի է տեսնել կանաչապատ տարածքներ, որոնք Քեսապը կը բաժնեն ծովէն, եւ հոն բանակի հետքն իսկ չկայ, միայն կայ սահմանային կէտ մը, որ կը խորհրդանշէ սուրիական պետութեան ներկայութիւնը:

\n

Մարտադաշտին վրայ սպաները հեռադիտակներով կը տեսնեն թուրք ժանտարմաներու (ոստիկան զօրքեր) կառքերով երթեւեկող զինեալները: Ըստ սուրիացի զինուորներուն, յարձակումներու թիրախ դարձան նաեւ «Խըրպեթ Սուլաս», «Պէյթ Հըլէյպիէ» եւ «Մալաք» շրջաններու դիրքերը:

\n

***

\n

Քեսապի քաղաքացիներուն մեծ մասը, բանակի հսկողութեան տակ, պարպեցին  շրջանը դէպի Լաթաքիա:

\n

Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղամասէն տեղահանուած հայ ընտանիքներ, որոնք «Սամրա» գիւղ փոխադրուած էին, այժմ անգամ մը եւս կը տեղահանուին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն Լաթաքիոյ «Հայ ամիրիքան»-ի մէջ (ամերիկացիներու թաղամաս):

\n

Հալէպցի Ճորճը կ՛ըսէ. «Դժուար է մոռնալ Ցեղասպանութիւնը եւ նախորդ բռնագաղթը: Մեր ճակատագիրն է չհեռանալ մեր բուն հայրենիքի սահմաններէն: Հալէպէն գաղթեցինք Քեսապ, իսկ այսօր թրքական նոր յարձակումը մեզ կրկին տեղահան կ՛ընէ: Չենք գիտեր` այս բոլորէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի»:

\n

Ճորճին մայրը անընդհատ կու լայ Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին լսելով:

\n

Մաթիլտան` Իտլիպի Եագուպիէ գիւղէն գաղթական մը, մեզի բացատրեց, որ Քեսապը վերջին երկու տարիներուն վերածուած էր Սուրիոյ ներքին գիւղերէն ու քաղաքներէն տեղահանուած հայերու ապաստարանի. անոնք իրենց բնակավայրերէն փախուստ տուած էին նմանօրինակ իրադարձութիւններու եւ ահաբեկչութեան պատճառով:

\n

ՄԱՐԱՀ ՄԱՇԻ

\n

«Ախպար»

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.