Քեսապի Հայութեան Կարիքները Բազմազան Են
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժնից պատասխանել են «Սիվիլնեթ»ի հարցերին՝ Լաթաքիայում ապաստանած քեսապահայերի մասին:
ՀԱՐՑ.- Արդէն տասն օրից աւելի է, ինչ Քեսապի հայերը տեղահանուած են, եւ նրանց մեծ մասը ապաստանել է Լաթաքիայում: Ներկայ պահին որո՞նք են առաջնային խնդիրները: Ի՞նչ քայլեր են արուել դրանց լուծման ուղղութեամբ: Ովքե՞ր եւ ո՞ր կազմակերպութիւններն են հիմնական օժանդակութիւն տրամադրողները: Արդեօք կա՞յ արտաքին օժանդակութեան խնդիր:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քեսապի տագնապի ստեղծումէն անմիջապէս յետոյ, Արամ Ա. կաթողիկոսին համար Քեսապի հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը ու անոր կատարուելիք մարդասիրական օգնութիւնը դարձան առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներ: Առաջին հարցի գծով վեհափառը պետական ու քաղաքական շրջանակներուն հետ մնայուն կապեր հաստատեց վեհափառ հայրապետին հետ, նաեւ կապեր հաստատեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Այսպէս, վեհափառ հայրապետին հետ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցաւ Ժեֆրի Ֆելթման՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տելեկ Փլամպի: Մարդասիրական գետինի վրայ վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանին կողմէ անմիջական օժանդակութիւն ղրկեց Լաթաքիա հաստատուած հայերուն, նաեւ Հալէպի մեր Ազգ. առաջնորդարանը իր կարգին անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարեց: Եւ աւելին՝ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն նիւթապէս օգնութեան փութալու Քեսապի հայութեան: Եւ որպէսզի այդ օժանդակութիւնները ըլլան աւելի կազմակերպ ու արագ, անհրաժեշտ է, որ անոնք կատարուին կաթողիկոսարանի ճամբով՝ դէպի Լաթաքիա, ուր կազմուած է արդէն օժանդակութեան յանձնախումբ մը: Ինչպէս վեհափառ հայրապետը երէկ իր խօսքին մէջ յիշեց, Քեսապի զօրակցութեան արտայայտութիւններ կը լսուին ամէն տեղ մեր ազգային կեանքէն ներս. սակայն անհրաժեշտ է, որ այդ զօրակցութիւնը գործնապէս թարգմանուի, որովհետեւ Լաթաքիոյ մէջ ապ-աստան գտած Քեսապի հայութեան կարիքները այլազան են ու բազմազան:
ՀԱՐՑ.- Հայաստանի պետութեան կողմից որեւէ մարդասիրական օգնութիւն կամ խոստում եղե՞լ է մինչ այս պահը: Քեսապցիներն արդեօք Հայաստանից օժանդակութիւն ակնկալո՞ւմ են:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Քեսապէն ներս ստեղծուած տագնապի առաջին իսկ օրը վեհափառ հայրապետին հետ կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, ուզեց ստեղծուած տագնապին ամբողջական պատկերը ունենալ: Բնականաբար վեհափառը լայն բացատրութիւններ տուաւ պրն. նախագահին եւ առաջարկեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քաղաքական ու դիւանագիտական մարզէն ներս անհրաժեշտ աշխատանքը կատարէ: Յայտնենք, որ այդ աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է կատարուելու:
ՀԱՐՑ.- Այս իրավիճակը կարող է երկար տեւել: Ինչպէ՞ս է հնարաւոր տեղահանուած հայերի խնդիրների լուծումը: Արդեօք նպատակայարմար համարո՞ւմ էք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նրանց աջակցի տեղափոխուել Հայաստան:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ է, որ Քեսապի հարցը Սուրիոյ ընդհանուր կացութեան առնչուած է, սակայն նկատի ունենալով Քեսապի աշխարհագրական դիրքը, անոր ունեցած աշխարհա-քաղաքական եւ ռազմական կարեւորութիւնը, նաեւ նկատի ունենալով շրջանի բնակչութիւնը եւ այս ծիրէն ներս մանաւանդ հայկական ներկայութիւնը, այս բոլոր գործօնները բնականաբար Քեսապի հարցին լուծումը կը դարձնեն աւելի դժուար: Մեր ժողովուրդին համար այս ծիրէն ներս հիմնական է թրքական գործօնը եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է շեշտը դնել անոր վրայ: Ինչ կը վերաբերի հաւանական լուծման, յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ իր հետ խորհրդակցող պատասխանատուներուն փոխանցեց իր անձնական մտածումը, որ է Քեսապի շրջանը հռչակել որպէս ապազինեալ գօտի եւ քեսապցիներու անմիջական վերադարձը Քեսապ: Բնականաբար նման ծրագիրի մը համաձայն պիտի ըլլան թրքական ու սուրիական իշխանութիւնները: ՄԱԿի պատասխանատուները շինիչ գտան վեհափառ հայրապետին մտածումը եւ խոստացան այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ բոլոր կողմերուն հետ: