Քեսապէն Տեղահանուած Հայորդիներուն Ի Նպաստ Զօրակցութեան Ցոյց

\n

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ 28 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միոըճթան հրաւէրին, զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:

\n

Ցուցարարները թրքական իշխանութեանց կողմէ հովանաւորուած Քեսապի վրայ յարձակումները դատապարտող լօզունգներով ու պաստառներով երկու ժամ քալեցին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:

\n

Ցոյցի աըարտին, մասնակիցներուն իրենց պատգամը փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքպետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճաք Հաճինեան, Հայ Դատի յանձնախումպի Արեւմտեան Ամերիկայի գործատիր տնօրէն Էլեն Ասատուրեան, Քեսապի հայրենակցական միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ:

\n

Բոլորս ալ քեսապցի ենք ոը պիտի թոյլ չտանք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կրկնեն ցեղասպան իրենց ոճիրները, շեշտեցին պատգամախօսները: Անոնք նաեւ պահանջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, կասեցնելու Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամանութեանց դէմ կոտորածներ իրականացնոչ ծայրայեղական զինեալներուն տրուող օւանդակութիւնը եւ պահանջելու «դաշնակից» Թուրքիայէն, որ դադրեցնէ սոըրիահայ՛ութեան դէմ ընդհանրաբէս եւ Քեսապի հայ բնակչութեան դէմ մասնաւորապէս շղթայազերծած իր ցեղասպան գործողութիւնները:

\n

Ցոյցը աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.