Անգարա Հայկական Նոր Տեղահանութիւն Մը Կը Պատճառէ. Ապու Ֆատել

\n

\n

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանցի քաղաքական վերլուծաբան, իրաւաբան Ժոզէֆ Ապու Ֆատել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արդէն իսկ քանիերորդ անգամն է, որ ամենայն նենգութեամբ եւ ատելութեամբ, Սուրիոյ քրիստոնեաներուն դէմ յարձակում կը գործուի: «Այդ յարձակումներուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ հայաբնակ Քեսապի դէմ գործուած յարձակումը: Քեսապը շրջան մըն է, ուր ո՛չ զինուորներ կան, ո՛չ թնդանօթներ եւ ոչ ալ ճակատներ բացուած են. անիկա նաեւ թիրախ դարձաւ «Քայիտա»ի յարձակումին, որ կը վայելէր քրիստոնեաներուն դէմ սերունդներէ ի վեր ատելութիւն տածող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հովանաւորութիւնը», ըսաւ ան:
\n Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ գտնուող «Ճապհաթ Նուսրա» շարժումը կը գործակցի սէուտական զօրակցութիւն վայելող «Իսլամական Ճակատ»ին հետ՝ Քեսապէն եւս տեղահան ընելով 700 հայ ընտանիք, որպէսզի աւելի ուշ քանդէ անոնց դպրոցները, սրբապղծէ եկեղեցիները, ջարդէ խաչերն ու քանդէ եկեղեցւոյ զանգերը, ինչպէս էր պարագան Մաալուլայի, Ռապլէի, Եապրուտի եւ այլ շրջաններու:
\n Ապու Ֆատել շեշտեց, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներու շարքերուն մէջ մէկ քրիստոնեայ զինեալ իսկ չկայ՝ աւելցնելով, որ լիբանանեան «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերուն պարտականութիւնն է իրենց յարաբերութիւնը խզել այսպէս կոչուած սուրիական յեղափոխութեան հետ: «Սխալը սրբագրելը առաքինութիւն է, յատկապէս՝ «Մարտ 14»ին մաս կազմող քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն եւ ի մասնաւորի «Մարտ 14»ի անդամ հայկական քաղաքական ուժերուն համար», եզրափակեց Ապու Ֆատել:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.