Արաբագէտ Արաքս Փաշայեան կը վերլուծէ Քեսապի դէպքերը


 

«Ի լուր աշխարհի» կայքէջի լրագրողՌիմա Գրիգորեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, արաբագէտ եւ քաղաքական վերլուծող Արաքս Փաշայեան հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ Քեսապի եւ անոր հետ կապուած աշխարհաքաղաքական զարգացումները։

ՔԵՍԱՊԻ ԴԷՊՔԵՐԸ

Քեսապի խնդիրը անմիջականօրէն կապուած է սուրիական ճգնաժամի, ինչպէս նաև Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական ծրագիրներուն հետ, որոնք նպատակ ունին թուլացնել թէ՛ սուրիական պետութեան, թէ՛ սուրիահայ համայնքի դիրքերը: Բացի այդ, Քեսապի դէմ յարձակումը կապուած է աշխարհաքաղաքական այն նոր իրողութիւններուն հետ, որոնք կ՚առնչուին Խրիմի խնդրին: Խրիմը «կորսնցնելէ» ետք, իսլամական և թուրքմէնական ներուժը օգտագործելով՝ թուրքերը յաջողեցան վերահսկողութեան տակ առնել հայաբնակ Քեսապի և շրջակայ գիւղերուն վրայ: Այս քայլը ընդդիմադիր ուժերուն հնարաւորութիւն ընծայեց դէպի ծով ելք ունենաե, իսկ շրջանի թուրքմէններուն՝ ուղղակի կապ Թուրքիոյ հետ:

Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերուն, նրանք էլ, Սիրիայի մյուս քաղաքացիների նման, ենթակա են առկա մարտահրավերներին ու դժվարութիւններին:

ԿՈՂՄԵՐԸ

Կան միջազգային և իսլամական շրջանակներ, որոնք հակապաշշարական ուղղուածութիւն ունին, (ԱՄՆ, Թուրքիան, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան), և միւս ճակատը կը ներկայացնեն Սուրիոյ դաշնակիցները (Ռուսաստան, Իրան, Չինաստան): Այս երկու ճամբարները համապատասխանաբար կը հովանաւորեն ռազմաքաղաքական տարբեր խմբաւորումներու: Հակամարտութեան մէջ ընդգրկուած կողմերը անզիջող են և շօշափելի փոխզիջումներ առայժմ կարելի չէ եղած իրակականցնել:

ՀՀ եւ ՔԵՍԱՊ

Սուրիահայերը՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան քաղաքացիներ են, սակայն անոնց մէկ գերակշիռ մասը ունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: Այնպէս որ, մեր պետութիւնը պէտք է հետամուտ ըլլայ անոնց շահերու պաշտպանութեան՝ թէ՛ որպէս քաղաքացիներ եւ թէ՛ որպէս հայրենակիցներ:   


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.