35 Տարի Առաջ` Այսօր. Սկիզբ Արցախեան Շարժման

Երեսունհինգ տարի առաջ, 20 փետրուար 1988-ին, Արցախի ժողովուրդը որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ վերամիաւորուիլ մայր հայրենիքին:

Աւելի առաջ, նախորդող տասնամեակներուն, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս պարբերաբար դիմած էին խորհրդային իշխանութիւններուն` Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորուելու խնդրանքով:

Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին սկսաւ ստորագրութիւններու զանգուածային հաւաք` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու պահանջով:

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նիստը տեղի ունեցաւ 20 փետրուար 1988-ին, Ստեփանակերտի մէջ: Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան համաձայն որոշում ընդունուեցաւ դիմել ազրպէյճանական եւ հայկական խորհրդային հանրապետութիւններու գերագոյն խորհուրդներուն, անոնց միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն Խորհրդային Հայաստանի կազմ վերադարձնելու պահանջով:

Նոյն օրը Երեւանի մէջ սկսան արցախահայութեան զօրակցութեան ցոյցեր:

Արցախեան շարժման նկատմամբ Խորհրդային Մ իութեան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը բացասական էր: Ազգային շարժումը կրնար տարածուիլ միութենական միւս հանրապետութիւններուն մէջ: Համայնավար կուսակցութեան կենտկոմի քաղբիւրոն փետրուար 21¬ի որոշումով արցախահայութեան պահանջը բնութագրեց իբրեւ ազգայնամոլներու եւ ծայրայեղականներու սադրանք:

Արցախեան շարժումը ղեկավարներու համար Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ կազմկոմիտէ, այնուհետեւ ալ` «Ղարաբաղ» կոմիտէին` Իգոր Մուրատեանի նախաձեռնութեամբ:

Քրեմլինի Արցախեան շարժումը փորձեց լուծել իբրեւ ընկերային-տնտեսական խնդիր եւ որոշեց Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին 400 միլիոն ռուբլի տրամադրել: Սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հետագային այդ գումարը օգտագործեց ազրպէյճանական բնակավայրերու զարգացման նպատակով:

Պաքուի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի, Սումկայիթի եւ յարակից բնակավայրերու մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ փորձառու, մարզուած, մասնագէտ ահաբեկիչներ կեդրոնացուցին, պատրաստուելով ջարդերով հակադարձելու հայոց պահանջատիրական ելոյթներուն:»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.