ԿՈՉ ՅԱՆՈՒՆ ՔԵՍԱՊԻ

\n

 

\n

\n

 

\n

Երեք տարիէ ի վեր Սուրիոյ ապրած պատերազմական կացութիւնը՝ 21 Մարտ 2014-ին, ընդգրկեց երկրի Ծովեզերեայ շրջանին մասին կազմող ՔԵՍԱՊ հայաւանը եւ անոր շրջակայ գիւղերը։ Քեսապը, որպէս Կիլիկեան Թագաւորութեան վկայարան, թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումներով իւրայատուկ իմաստ ունի համայն հայութեան համար ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան համար մասնաւորապէս։ Հայկական մշակոյթի անեղծ պահպանման, հայկական բարքերու ու սովորութիւններու տարածման եւ հայ օճախի վառ պահման փոքրիկ հայրենիք է Քեսապը։ Հայկականութիւն բուրող այս տարածքը այսօր խոցուած է, իր հետ խոցելով ամէն հայու սիրտ ու հոգի։

\n

Բնականաբար հայու ներկայութիւնն ու բարեկեցիկ կեանքը Քեսապի մէջ, ազգիս դարաւոր թշնամի՝ Թուրքիոյ համար, հաշտ աչքով դիտուելիք բան չէր եւ եթէ Թուրքիան նախապէս Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ իր ոսոխի վարքը կը դրսեւորէր Հայկական Ցեղասպանութիւնը կազմակերպելով, ապա այսօր, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ սուրիական հայրենիքի հողերուն վրայ, ան իր գործօն դերակատարութիւնը ի սպաս կը դնէ հարուածելու համար Սուրիան եւ հայութիւնը։ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութիւնը կրկին անգամ մը քօղազերծուի Քեսապի մէջ։

\n

Քեսապ հայաւանը վիրաւոր է այսօր։ Քեսապցիք ստիպողաբար տեղահանուած են եւ ապաստանած Լաթաքիոյ մէջ, ուր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի հովանաւորութեամբ՝ Ծովափի (Քեսապի եւ Լաթաքիոյ) Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը կը փութայ օժանդակել եւ հոգալ ժողովուրդին անհրաժեշտ կարիքները։ Անցնող երեք տարիներու ընթացքին հայրենի թէ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները՝ ջանացին նիւթապէս թէ՛ բարոյապէս սատարել Սուրիոյ հայ համայնքին։ Այսօր տագնապահար շրջաններուն կը միանայ նաեւ Քեսապը։ Այսօր քեսապահայութիւնն է, որ բոլորիս օգնութեան կարիքն ունի։ Քեսապի եւ քեսապցիներուն նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյ բերքահաւաքի ժամն է։ Քեսապի իւրաքանչիւր լեռ, այգի, ակ, աղբիւր յուշերու վկայարան եւ յիշատակներու մատեան է։ Պէտք է տէր կանգիլ այս բոլորին։

\n

 ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.