Թուրքերը Կը Բողոքեն Ցեղասպանութեան Մասին Գերմանիոյ Մէջ Ներկայացուող Թատերգութեան Դէմ

\n

\n

\n

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ Քոնսթանց քաղաքի թատրոնը սկսաւ ներկայացնելու Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թատերախաղ մը, որ մտահոգած է Գերմանիոյ թուրք բնակիչները եւ Քարլսրուհէի Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսարանը։ Թատերախաղը հիմնուած է հրեայ ծագումով գերմանացի գրագէտ Էտկար Հիլսենրաթի «Մտածումի Մը Պատմութիւնը» խորագրեալ վէպին վրայ։
\n Ներկայացումը, որ միջոցէ մը ի վեր կը ծանուցուէր որմազդներով, օրակարգի բերած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը։ Թատրոնի վարչութիւնը չէր նախատեսած, որ այսպիսի ներկայացում մը այնքա՛ն լայն հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէր թրքական շրջանակներէն ներս։ Անոնք նախ ջանացին մեղմացնել կացութիւնը՝ մեծ թիւով թուրք բնակչութուն ունեցող շրջաններէն հաւաքելով որմազդները, որոնցմէ մէկուն մէջ կը տեսնուէր Հրանդ Տինքը՝ սպաննուած վիճակով եւ որուն տակ գրուած էր Էրտողանի խօսքը. «Մենք սպանդ չենք գործադրած»։ Այս որմազդը մեծ զայրոյթ պատճառած է տեղւոյն թուրքերուն, ուստի՝ ոստիկանները պաշտպանութեան տակ առած են որմազդները։
\n Գերմանիոյ զանազան քաղաքներէ մեծ թիւով թուրքեր Քոնսթանց եկած ու ցոյց մը կատարած են թատրոնի շէնքին դիմաց։ Թուրքերը կը կրէին Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ դրօշակները եւ կը կրկնէին Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը այն մասին, թէ այս հարցը տակաւին վիճելի հարց է ու պատմաբանները յստակ որոշումի մը չեն յանգած, իսկ հանդիսականները այս թատերական գործը դիտելով՝ սխալ կարծիքներ պիտի ունենան:
\n «Թուրքերը ոճրագործութեամբ ամբաստանելը առնուազն անարգանք է թուրքերու հասցէին», ըսած են թրքական կողմի ներկայացուցիչները։
\n Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավարներէն Փեթեր Ֆրիտրիխ պնդեց, որ ներկայացումը ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն է եւ թէ թուրքերը պէտք է վարժուին այս նիւթերուն ու պէտք է խօսին այս մասին։ «Եթէ կ՛ուզեն անդամակցիլ Եւրոմիութեան, ապա պէտք է լուծեն այս հարցը։ Այս խնդիրը միայն պատմաբաններու չի յանձնուիր, ընդհակառակը, պէտք է փոխադրուի այսպիսի բեմահարթակներու վրայ եւս», ըսաւ ան։
\n Թուրքերը նաեւ զայրացած են քաղաքագէտին այս յայտարարութենէն։ Անոնք դիտել տուած են, որ մինչեւ այսօր իրենք միշտ իրենց քուէն գործածած են Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ի նպաստ, բայց ասկէ ետք՝ նոյնը պիտի չընեն։
\n Թուրքերու հակազդեցութիւնը կազմակերպողներէն մէկը՝ ճարտարապետութեան ուսանող Էմրէ Էրտէօնմէզ, դիտած է առաջին ներկայացումը՝ յայտարարելով. «Գործին առաջին մէկուկէս ժամուան մէջ թուրքերու դէմ ծանր բան մը չկար։ Աւելի շատ գերմանացիներն էին որ կ՛ամբաստանուէին։ Գերմանացիները ուզեցին, որ հայերը երթան եւ անոր համար ուղղութիւն տուին թուրքերուն։ Սակայն վերջին կէս ժամուան բաժինի 5-10 վայրկեաններուն մէջ ամբողջովին թուրքերը քննադատուեցան։ Ատկէ բացի, մեր քիւրտ եղբայրներուն հասցէին ալ նախատինքներ կատարուեցան։ Քիւրտերու մասին շատ գէշ խօսքեր եղան։ Հիմա մեր քիւրտ եղբայրներն ալ պէտք է բողոքեն այս թատերախաղին դէմ»։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.