Մօտաւորապէս 2000 Հայեր Հեռացած Են Քեսապէն


ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԴԻՐՔ ՄԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ուղարկուած ու միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս եւ զեկուցեց իր կատարած առաքելութեան մասին: Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն՝ շուրջ երկու հազար հայեր հեռացած են Քեսապէն եւ ապաստանած Լաթաքիոյ եկեղեցիին ու դպրոցին մէջ, իսկ ոմանք՝ իրենց հարազատներուն մօտ: Համայնքային պատասխանատու մարմիններ մօտէն կը հետեւին ու օգտակար կ՛ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներու սննդական ու առողջապահական կարիքներուն: Նաեւ օժանդակութեան կը հասնին Միջազգային Կարմիր խաչի եւ Սուրիոյ Կարմիր մահիկի մարմինները:
Լաթաքիա ուղղուած պատուիրակութեան անդամները Կիրակի առաւօտ, Ս. պատարագին ընթացքին, կաթողիկոսին մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա անոնք հանդիպումներ ունեցան եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն շփում հաստատեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ:
Նշենք, որ վեհափառը մօտէն կը հետեւի Լաթաքիոյ ու Քեսապի կացութեան եւ մնայուն կապի մէջ է պատասխանատուներուն հետ: Երկուշաբթի, Մարտ 24ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայն ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանէն: Նախագահի փափաքն էր վեհափառէն իմանալ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին, ուստի հայրապետը մանրամասնօրէն նախագահին զեկուցեց թրքական սահմաններէն դէպի Քեսապ զինեալներու կազմակերպուած թափանցումին մասին՝ Թուրքիայէն հասնող սաստիկ ռմբակոծումներու տարափին տակ: Ապա ան նշեց, թէ կոչ կատարած է Սուրիոյ պետութեան՝ պաշտպանելու Քեսապի անզէն հայ ժողովուրդը: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ Քեսապը փաստօրէն պարպուած է իր հայութենէն:
Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն գնով օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ խոստացաւ առաջին հերթին այս հարցը արծարծել դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներէ ներս:
Նոյն օրը, երեկոյեան, վեհափառին հեռաձայնեց նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Քեսապէն ներս տիրող կացութեան գծով: Արամ Ա. կաթողիկոս պարզեց շրջանէն ներս տեղի ունեցած դէպքերը: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր կարգին եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար հանդիսանալու շրջանի հայութեան: Երկու վեհափառները որոշեցին մնայուն կապի մէջ ըլլալ:
Միւս կողմէ, թրքական «Հապեր.սոլ» կայքը ցուցադրած է տեսագրութիւն մը, ուր ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէ՛ս թուրք սահմանապահներ արտօնութիւն կու տան իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն, որ ազատօրէն մուտք գործեն Քեսապ: Ներկայ դրութեամբ, զինեալները իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն Թուրքիոյ հետ Քեսապի սահմանային անցքը:
Յիշենք, որ անորոշ տեղեկութիւններ կան Քեսապի շրջանին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն մասին: Թէեւ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ, Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են հայաշատ քաղաքի երեք քառորդը եւ հասած են Քեսապի հրապարակը: «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Լաթաքիայէն յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Քեսապ՝ զինեալներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու եւ զանոնք ետ մղելու համար:
«Էյ.Փի.» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ սուրիական բանակը Երեքշաբթի օր վերագրաւած է Քեսապի մօտակայ Նիսեր բլուրը, որ ընդդիմադիրներու հակակշիռին տակ ինկած էր: Նաեւ, սուրիական ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած են Քեսապի մէջ ծայրայեղականներու դիրքեր:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան՝ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն, աւելի քան 80 վիրաւոր իսլամ ծայրայեղականներ Քեսապէն Թուրքիա փոխադրուած են դարմանումի համար. անոնցմէ առնուազն 10ն մահացած է:
Մարդկային իրաւանց սուրիական հսկողութեան կեդրոնը նաեւ հաղորդեց, որ իսկապէս սպաննուած է Ազգային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Հիլալ Ասատը, որ ըստ կեդրոնին՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ազգականական կապ ունի, սակայն անոր հօրեղբօրորդին չէ, ինչպէս հաղորդուած էր Երկուշաբթի օր:
Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւը վար առնելը կրնայ կապ ունենալ Թուրքիոյ տեղական ընտրութիւններուն առթիւ իր դիրքը զօրացնելու ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ջանքերուն հետ:
Արդարեւ, օդանաւի զգետնումէն ետք, ընդդիմադիր կուսակցութեանց ղեկավարները եւս կասկածի տակ առած էին արարքին դրդապատճառը, որովհետեւ նոյնիսկ թրքական բանակին տուեալներով՝ օդանաւը միայն քանի մը երկվայրկեանով կրնայ խախտած ըլլալ սահմանը, ինչ որ անտրամաբանական կը դարձնէ նման հակադարձութիւն մը:
Օդանաւի օդաչուն, որ անկարգելով ցատկած ու կեանքը փրկած էր, սակայն վիրաւորուած ու հիւանդանոց փոխադրուած, պնդեց, թէ ինք Թուրքիոյ կողմը չէր անցած, այլ պարզապէս կը հետապնդէր Սուրիական հողերուն վրայ կատարուած կռիւները։ Սուրիոյ համակիր շրջանակներ նաեւ կը կասկածին, թէ Թուրքիա ուղղակի երկու տարի առաջ Սուրիոյ կողմէ զգետնուած թրքական օդանաւին վրէժը լուծելու համար վար առած է Սուրիական ռազմական օդանաւը: Սակայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակներէն Մերի Հարֆ, Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ տրուած բացատրութիւններուն ճշմարտութեան հանդէպ կասկածելու պատճառ չկայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.