Գերմանիոյ Կոնստանց քաղաքին մէջ պիտի ներկայացուի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Էտկար Հիլսենռաթի գործը
Գերմանական Կոնստանց քաղաքի թատրոնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին թատերական գործ մը պիտի ներկայացնէ: Թատերական ստեղծագործութեան հիմք ծառայած է ծագումով հրեայ գերմանացի գրող Էտկար Հիլսենռաթի (նկարը) «Հեքիաթ վերջին գաղափարի մասին» վէպը, որ կը պատմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Թրքական «Դեմոկրատ հապեր» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ թատրոնի ղեկավարութիւնը ներկայացումը չեղեալ յայտարարելու կոչ ընող բողոքի ելեկտրոնային նամակներ կը ստանայ:
Թատրոնի տնօրէն Քրիսթոֆ Նիքսը, անդրադառնալով այդ նամակներուն և կոչերուն, նշած է, որ այդ նամակները կը միտին ստեղծագործական ազատութիւնը կաշկանդելու ենթարկելու:
Գերմանիոյ մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը իր կարգին թատրոնի ղեկավարութենէն խնդրած է, որպէսզի ամէն ներկայացումէ ետք 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեղող այլ կարծիքներ ևս ներկայացուին հանդիստեսին :
Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 1915 թուականին տեղի ունեցածը ենթակայ է քննարկաման իրաւական և ակադեմական շրջանակններու կողմէ։
Քաղաքի ոստիկանութիւնը տեղկացուցած է, որ թատրոնի դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպելու խնդրագիր ստացած է գերմանաբնակ թուրքերու կողմէ:
Նշենք, որ Կոնստանց 80 հազար բնակչութեամբ ուսանողական քաղաք մըն է, ուր կը գտնուի համանուն համալսարանը։