Թաթերը Կ՛ուզեն Ատրպէյճանի Մէջ Ազգային Հանրապետութիւն Հաստատել

\n \n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանաբնակ թաթերը (կովկասցի պարսիկներ) մտադիր են ստեղծել Շիրվանի պարսկական հանրապետութիւնը. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքը: Այդ նպատակով, թաթերը հիմնած են Շիրվանի ազատագրութեան ճակատ մը, որ ընդյատակեայ պայմաններու մէջ կը գործէ: Կազմակերպութիւնը «facebook»ի վրայ տեղադրած է ատրպէյճաներէնով եւ ռուսերէնով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ճակատի ներկայացուցիչները նշած են, թէ նկատի ունենալով շրջանի ժողովուրդին հազարամաեայ պատմութիւնը, Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անկախ Շիրվանի պետութիւն կ՛ուզեն ստեղծել: Յայտարարութիւնը կ՛աւարտի հետեւեալ տողերով. «Կեցցէ՛ պարսիկ մեծ ժողովուրդը: Կեցցէ՛ Շիրվանը՝ առիւծներու երկիրը: Շիրվանը կը պատկանի առիւծներուն եւ ոչ թէ գայլերուն»:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.