Հայկական բանակի դիպուկահար (sniper) կին զինուորները


 

Դիպուկահար Անին

Լրագրող Շուշան Ստեփանեան «Հայ Զինուոր» պարբերաթերթի մէջ կը գրէ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու բանակներու մէջ կանայք ծառայութեան ոչ մէկ սահմանափակում ունին, անոնք օդանաւեր կը վարեն, կը ծառայեն նաւատորմիղի մէջ, հրաձգային, հրետանային, հրասայլային եւ այլ ստորաբաժանումներու մէջ՝ կտրելով այն կարծրատիպը, թէ բանակը «տրամադրոց տարածքն է»։ Հայկական բանակին մէջ ծառայող կանայք եւս բացառութիւն չեն. անոնց գործառութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն վարչական, առողջապահական, բժշկական ոլորտներուն մէջ։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարիներ առաջ որոշեց հետախուզական եւ մասնայատուկ ստորաբաժանումներուն մէջ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան ընդունիլ կին արձակազէններ, դիպուկահարներ։ Խիստ մարզումներու հետեւած, ֆիզիքական եւ հոգեբանական փորձութիւնները յաղթահարած, մասնագիտական ունակութիւններ ձեռք բերած կին զինուորները այսօր պատրաստ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները՝ բարձր մակարդակով։ Անոնք կ՚առաջնորդուին «որեւէ ժամու՝ որեւէ խնդիր» սկզբունքով։ 

ԱՆԻՆ

22-ամեայ հետախոյզ-արձակազէն Անին 17 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ ձեռքը վերցուց գնդաձիրը. կը սորվէր Գիւմրիի պետական մանկավարժական հիմնարկի ռազմական ամպիոնին մէջ, հրաձգային դասակի հրամանատար պիտի դառնար, սակայն առաջին իսկ կրակոցով խոցեց թիրախը, եւ մարզիչ-տասնապետին արձագանգը չուշացաւ. պէտք է արձակազէն դառնաս»։

«Երբ ծանօթ սպայէն իմացայ, որ կրնամ համալրել մասնայատուկ ստորաբաժանման կին զինուորներու շարքերը, չուշացայ, ներկայացայ, մասնակցեցայ քննութիւններուն եւ ընդունուեցայ», կը պատմէ Անին եւ կ՚աւելցնէ, որ ընդունուելու համար միայն գերազանց ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը բաւական չէ, կարեւոր են նաեւ վարքի նկարագիրը, բարոյական ըմբռնումները։ Աղջկայ կայացուցած որոշումը չընդունեց հայրը, սակայն հետագային միտքը փոխեց։

Անծանօթ շրջապատի մէջ, ուր մեծամասնութիւնը տղամարդիկ էին, Անին կաշկանդուածութիւն եւ լարուածութիւն չզգաց.«Բոլորը զիս ջերմօրէն ընդունեցին։ Յաջորդ օր արդէն գացինք կրակայինի, եւ երկու օր դաշտային պայմաններու մէջ ապրեցայ, չհասայ ինքզինքս նոյնիսկ օտար զգալ, մէկ անգամէն տարուեցայ գործով», կ՚ըսէ Անին։

«Պէտք է ոտքով յաղթահարենք 350 քիլոմեթր ճանապարհը։ Ասիկա մեր հերթական, սակայն ամէնէն տպաւորիչ մարզումն էր։ Օրական 30-40 քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէինք՝ 20 քիլոկրամ ուսապարկով, եղանակային դժուար պայմաններու մէջ։ Ոգեւորութիւնը մեծ էր, կ՚ուզէին ապացուցել, որ աղջիկները նոյնպէս կարող ուժ են։ Իսկ տղամարդիկ անընդհատ կը հարցնէին.«Օգնե՞մ , չե՞ս հոգնած»։ Կ՚աշխատէինք չդիմելու անոնց օգնութեան, որովհետեւ պէտք էր ցոյց տայինք, որ իրենցմէ որեւէ բանով պակաս չենք։ Յաջողեցանք ատիկա ընել, անոնք հիացած էին մեզմով՝ մեր կամքի ուժով»։

Անին կ՚ընդգծէ, որ կինը աւելի լաւ արձակազէն է, քան տղամարդը, եւ ըսածը կը հիմնաւորէ.«Ֆիզիքական առումով կնոջ բազուկի մկանները թոյլ զարգացած են, եւ կրակելու ժամանակ լարուածութիւնը փոքր է, ձեռքը չի դողար»։

«Ընտանի՞ք, թէ զինուորական ծառայութիւն». Անիին նման երկընտրանք չունի, որովհետեւ իր ընտրեալը, իր սէրը, եւս հետախոյզ-արձակազէն է. «Ծանօթացած ենք ծառայութեան ընթացքին, առաւօտէն երեկոյ միասին էինք, միշտ իրարու կ՚օգնէինք, ժամանակի ընթացքին երկուքիս մէջ ջերմ զգացումներ յառաջացան, քանի մը օր առաջ նշանուեցանք։ Եղած են դէպքեր՝ աղջիկները ամուսնացած են եւ չեն շարունակած ծառայութիւնը, զօրացրուած են։ Հայ տղամարդը քիչ մը դժուար կը համակերպի, որ իր կինը խոհանոցին մէջ ճաշ պատրաստելու փոխարէն պէտք է համազգեստ հագնի եւ դժուարութիւններ յաղթահարէ»։ 

ՄԱՐԻՆԷՆ

 

Մարինէն մասնագիտութեամբ մանկավարժ է, կրնար իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի աշխատիլ Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ, սակայն մէկ տարի առաջ ընդունուեցաւ մասնայատուկ ուժերու ստորաբաժանում։

Արձակազէն է։ Աղջիկները կը յիշեն, որ ծառայութեան առաջին օրերուն փոքրամարմին Մարինէէն ուժերու գերլարում կը պահանջուէր քանի մը քիլոկրամնոց զէնքը վերցնելու համար։ Մէկ տարի ետք ամէն ինչ այլ էր։

Մարինէն եւ ամուսինը, որ նոյնպէս արձակազէն է, առաւօտեան բարի լոյս կը մաղթեն երեքամեայ իրենց դստեր եւ կը շտապեն ծառայութեան. «Աղջիկներու ծառայութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները, ունինք առանձին սենեակ, ուր զգեստնիս կը փոխենք, նաեւ՝ հանգիստի համար նախատեսուած սենեակ։ Օրը ինծի համար կ՚ամբողջանայ ֆիզիքական վարժութիւններու առաջադրանքներու կատարմամբ, կրակի տակէն վարժութիւնը ամէնէն շատ կը սիրեմ, հաճոյքով կը կատարեմ», կ՚ըսէ Մարինէ։

ԱՆԱՀԻՏԸ

Անահիտը մասնագիտութեամբ մանկավարժ հոգեբան է, հոգիով՝ մանրանկարիչ (սորված է գեղարուեստի դպրոցի մէջ), իր կեանքի կարեւոր առաքելութիւնը կը համարէ հայկական բանակին մէջ ծառայելը։ Երկու երեխաներու մայր է. «Ընդունուած էի թիկնապահներու ակադեմիա, ուր ուշադրութիւն գրաւեցի դիպուկ կրակելու ունակութեամբ, եւ ինծի առաջարկեցին ծառայութեան անցնիլ զինեալ ուժերուն մէջ։ Արդէն երկու տարի է՝ արձակազէն եմ։ Երբեք չեմ պատկերացուցած, որ օր մը մեր զինեալ ուժերուն մէջ կանանց պիտի վստահին նման պատասխանատու գործ։ Կարեւորը այն է, որ ե՛ւ հոգեբանի, ե՛ւ նկարիչի ունակութիւններս համատեղ կը կիրարկեմ եւ ինքզինքս լիարժէք մարդ կը զգամ։ Աշխատանքիս հոգեբանական կողմը կ՚ենթադրէ ապրումներու եւ զգացումներու կառավարում, յաճախ նաեւ գծագրելու կարիք կ՚ըլլայ, այսպէս կը դրսեւորուի նկարչական ձիրքս»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.