«Տերսիմի Հայերը Ոչնչացման Ու Ցեղասպանութեան Վտանգը Երկու Անգամ Ապրած Են». Միհրան Փրկիչ

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տերսիմահայերու փոխօգնութեան ու հաւատքի միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին Երեւանի մէջ «Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրման կեդրոն»ի կազմակերպած քննարկման ընթացքին յայտարարեց, թէ՝ «1938ին Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդը ցեղասպանութիւն էր»։
\n Ըստ Փրկիչի՝ 1915ի Ցեղասպանութեան եւ 1938ին Տերսիմի կոտորածներու հարցերը շատ կարեւոր են: «Կոտորածներու միջոցով թրքական ղեկավարները փորձած են լուծել միաժամանակ թէ՛ հայերու եւ թէ ալեւիներու հարցը, որոնք այն ատեն միաւորուած էին: Պետութիւնը ժամանակին մեծ տարբերութիւն կը դնէր ալեւիներու ու Թուրքիոյ մէջ բնակող միւս մահմետականներուն միջեւ: Տերսիմի ալեւիներուն «անհաւատ» կը կոչէին», ընդգծեց Միհրան Փրկիչ:
\n Ան նշեց, որ տերսիմահայերը երկու անգամ ապրած են ոչնչացման վտանգը ու մինչեւ օրս կը վախենան իրենք զիրենք հայեր կոչել:
\n Փրկիչ նաեւ վրդովումով նշած է, որ Թուրքիոյ, այսպէս կոչուած, պատմաբանները գիտեն ամէն ինչ, բացի Տերսիմի իրադարձութիւններէն:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.