Թուրքիա Պիտի Վերանորոգէ Տասնեակէ Աւելի Եկեղեցիներ

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը որոշած է գումար յատկացնել երկիրի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող տասնեակէ աւելի եկեղեցիներու վերանորոգման համար. այս մասին հաղորդած է թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթը, ըստ որուն՝ նախարարութիւնը այս ջանքերով նպատակ ունի աւելցնել զբօսաշրջիկներուն թիւը:
\n «Նախարարութիւնը, վերանորոգելով քրիստոնեաներու եկեղեցիները՝ կը ձգտի խթանել կրօնական զբօսաշրջութեան զարգացումը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մեծ եկամուտներ ապահովելու», գրած է «Սապահ»:
\n Արդէն յայտնի են այն եկեղեցիները, որոնք պետական միջոցներով պիտի վերանորոգուին այս տարի: Անոնց շարքին են Իզմիրի Ազիզ Հելիան, Ատանայի Շարք Քըրըքը, Տեմրէի Ս. Նիկողայոսը, Օշկվանքը (հայ-քաղկեդոնական եկեղեցի, կառուցուած Տայքի Բագրատ եւ Դաւիթ կիւրոպաղատներու կողմէ, 963-973 թուականներուն- «Սիվիլնեթ»), Իշխանի վանքը (հայ-քաղկեդոնական եկեղեցի, կառուցուած 7րդ դարուն, հայոց կաթողիկոս Ներսէս Գ. Տայեցիի կողմէ- «Սիվիլնեթ»), Նեւշեհիրի Էրքեքլերը, Քըզլար եւ Էլամլը-Թոքալը վանքերը, Օրտուի մէջ գտնուող Եասոնի եկեղեցին եւ Նիղտէի եկեղեցին:
\n Յատկանշական է, որ վերանորոգման ցանկին վրայ ընդգրկուած են հիմնականին մէջ յունական եկեղեցիներ, որոնք համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ են քան մեծ թիւով հայկական եկեղեցիներ, որոնք փլուզման եզրին կը գտնուին:
\n Օշկվանքի եւ Իշխանի եկեղեցիները կը գտնուին ներկայ Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, որ պատմական Տայք նահանգի մէկ մասն է: Վրաստանի մէջ կը փորձուի իբրեւ վրացական մշակութային ժառանգութիւն ներկայացնել Օշկվանքի եւ Իշխանի եկեղեցիները, հակառակ անոր, որ անոնք կառուցուած են քաղկեդոնական հայերու կողմէ, որոնք դաւանակից են վրացիներուն: Թուրքիոյ մէջ եւս այդ եկեղեցիները կը ներկայացուին իբրեւ վրացական: Թրքական մամուլին մէջ տարածուծ տեղեկութեանց համաձայն՝ այդ եկեղեցիները արձանագրուած են որպէս վրացական պատմամշակութային ժառանգութեան մաս:
\n Վերջերս, Թուրքիոյ մէջ կը խօսուի նաեւ Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու մասին:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.