Արցախի մէջ նկարահանուած Territoria ժապաւէնը պիտի ներկայացուի Քաննի միջազգային փառատօնին – Video


 

 

Cinefondations Festival De Cannes արուեստի ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հրապարակած է այն 15 բեմադրիչներու անունները, որոնց պատրաստած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին այս տարուան Մայիսին կայանալիք Քաննի միջազգային փառատօնին։ Ընտրուած ֆիլմերու շարքին է Նորա Մարտիրոսեանի Territoria (երկրամաս) ժապաէնը, որ նկարահանուած  է Արցախի մէջ։

Վերոնշեալ ընկերակցութիւնը, 2005-էն ի վեր, յատուկ մրցոյթով Քաննի փառատօնին համար կ՚ընտրէ 15 ժապաւէններ, որոնց հեղինակները խոստմնալից բեմադրիչներ են։ 

Ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարներուն՝ ֆրանսացի Ալէնին, Ղարաբաղցի 8-ամեայ Էտկարին եւ 15-ամեայ Մանուին կը միացնէ մէկ գլխաւոր զգացական վիճակ. Սպասում։ Սպասում՝ Ստեփանակերտի օդակայանի բացման, սպասում՝ արտասահման աշխատող ծնողներու վերադարձին, սպասում՝ սիրեցեալին հրաժեշտ տալուն, սպասում՝ անորոշ ապագային…

Ֆիմը ֆրանսական, հայկական եւ զուիցերիական համատեղ արտադրութիւն է։

 Բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեան նախապէս նկարահանած է Les Complices եւ 1937 ֆիլմերը։

 Territoria-ի տեսանիւթը դիտել հոս՝

  http://vimeo.com/51754132


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.