ՀՅԴ թեկնածուն յաղթեց ՀՀԿ-ական գիւղապետին, դպրոցի ուսուցիչը՝ տնօրէնին


 

Մարտի 9-ին Տաւուշի մարզի Խաչաղբիւր, Աղաւնավանք, Հովք, Զօրական, Դեբեդաւան համայքներուն մէջ կայացան համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի ընտրութիւններ:  Տաւուշի մարզի թիւ 41 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովէն ստացուած նախնական տուեալներով՝ Հովքի  գործող համայնքապետ, 1996-էն ի վեր համայնքը ղեկավարող դպրոցի տնօրէն Հանրապետական (ՀՀԿ) կուսակցութեան անդամ Եուրիկ Ցուգունեանը ստացած է 99 քուէ, իսկ Հովքի դպրոցի ուսուցիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) անդամ Գրիգոր Գէորգեանը՝ 125 քուէ։ 7 քուէ անվաւեր նկատուած է:  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.