Սեւան Նշանեանի Հալածանքը Կը Շարունակուի Թրքական Բանտէն Ներս


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, թէ լրագրող եւ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան, որ բանտարկուած է Շիրինճէ գիւղի իր հողատարածքէն ներս ապօրինի շինութիւն մը կառուցելու յանցանքով, այժմ բանտային խիստ պայմաններու մէջ կը գտնուի։ Նշանեան իր բանտարկութիւնը պէտք է կրէր «բաց» բանտի մէջ, ուր նախապէս կը գտնուէր, սակայն շաբաթ մը առաջ ան տարուեցաւ Իզմիրի խիստ դրութեամբ բանտը։ Արդէն քանի մը օրէ ի վեր «անկողին չունենալու» պատճառաբանութեամբ, Սեւան Նշանեան կը քնանայ «քարէ անկողին»ի վրայ, այսինքն՝ իր բանտախուցի քարէ յատակին վրայ։
Ըստ կարգ մը լուրերու՝ ան նոյնիսկ լոգնալու արտօնութիւն չունի։ Անոր տեղափոխութիւնը կատարուեցաւ, երբ Սեւան Նշանեան հոն բացայայտեց բանտապահի գողութեան դէպքը ու այդ մասին նիւթ մը հրատարակեց իր կայքին վրայ։
Մարտ 7ին հաղորդուեցաւ, թէ Սեւան Նշանեանի բանտը դարձեալ փոխուած է։ Ասիկա անոր երրորդ բանտն է: Նշանեան այս անգամ ղրկուած է Ալիաղայի փակ բանտը։
Պետական պաշտօնեայ մը (վերոյիշեալ բանտապահը) «նախատած» ըլլալուն համար, Նշանեանի դէմ բացուած դատը պիտի սկսի Մարտ 27ին։ Յայտնի չէ, թէ Նշանեան որքա՞ն ժամանակ պիտի մնայ «փակ» բանտին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.