Karabakh.Org… Պատմութիւնը Խեղաթիւրող Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուուական կայքէջ Մը


 

Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ զինադադարի յաճախակի խախտման զուգահեռ, ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կը սաստկանայ եւ կը տարածուի տարբեր լրատուական եւ քարոզչական միջոցներով: Մեր կողմէ համարժէք պատասխանը պէտք է շրջանցէ մամուլի սահմանները եւ հասնի համացանցին` այնտեղ ստեղծելով եւ ամրապնդելով քարոզչութեան բարձրագոյն դրսեւորումը: Երբ «Կուկըլ»-ի վրայ կը փնտռէի արցախեան պայքարի ժամանակագրութիւնը, առջեւս բացուեցաւ «karabakh.org» կայքէջը, ուր ազրպէյճանական տեսանկիւնէ ներկայացուած է արցախեան գոյամարտը: Ի յայտ եկաւ, որ ազրպէյճանական այս կայքէջը ստեղծուած է ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու Ղարաբաղի եւ ղարաբաղեան տագնապին մասին` հրամցնելով մեծ թիւով ակադեմական յօդուածներ, որոնք կը ներկայացնեն Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս կայքէջը կը նշէ` «ազրպէյճանական շրջանին», տարբեր երեսները: Այս կայքէջի ստեղծման օժանդակած են բազմաթիւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, անկախ հետազօտողներ եւ կամաւորներ: Ըստ կայքէջին, բոլոր տեղեկութիւնները ստոյգ են, տրուած ըլլալով, որ անոնք քաղուած են կառավարական պաշտօնական զեկոյցներէ, հաղորդագրութիւններէ, հեղինակաւոր հաստատութիւններու վերլուծութիւններէ եւ բազմաթիւ այլ «վստահելի» աղբիւրներէ: Կայքէջը օրինաւոր կերպով բաժնուած է տարբեր մասերու եւ ժամանակագրութեամբ ու բաժանմունքներով ապատեղեկատուութիւն կը դրսեւորէ:

Կայքէջը Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնելէ ետք իբրեւ ազրպէյճանական շրջան, կ՛անդրադառնայ անոր պատմութեան: Ներկայացնելով ղարաբաղեան տագնապը` կայքէջը կը թուէ հայերուն կողմէ «գրաւեալ շրջաններ»-ը եւ անոնց կատարած ապօրինի գործունէութիւնը այնտեղ, ինչպէս` ստեղծումը անջատողական-ահաբեկչական վարչակարգի մը` իբրեւ անկախ պետութիւն, պետական ահաբեկչութիւնը, թմրեցուցիչներու ապօրինի աճեցումը եւ առեւտուրը, մարդոց առեւտուրը: Ըստ կայքէջին, 1905 թուականէն սկսեալ հայերը իրագործած են ցեղային մաքրագործում, ցեղասպանութիւն, տեղահանում` իրենց սեփական հողերէն զրկելով ազրպէյճանցիները: Ներկայիս ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապին իրավիճակը պատճառն է, ըստ կայքէջին, 1987-ի աւարտին հայերու կողմէ գործած յարձակման Ստեփանակերտի ազրպէյճանցիներուն վրայ: Հայկական «բռնագրաւման» իբրեւ հետեւանք` Ազրպէյճան կը կրէ տնտեսական, նիւթական, բնակարանային, արդիւնաբերական եւ այլ վնասներ:

Կայքէջը կը թուէ շարք մը հայկական «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որոնք արիւնալի գործողութիւններ կատարած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ան կը շեշտէ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ ալ աջակցութիւն ցուցաբերած է ահաբեկչութեան եւ ատիկա դարձուցած է իր քաղաքականութեան գործիքներէն մէկը: Կայքէջին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ տարբեր դաշնագրերու, որոնք խեղաթիւրուած կերպով դրուած են այնտեղ: Տարբեր վեհաժողովներու որոշումները եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի յայտարարութիւնները խեղաթիւրուած են` գոհացում տալով ազրպէյճանական զանգուածին:

Ա՛լ աւելի համոզիչ դարձնելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական հող ըլլալուն «փաստը»` կայքէջը կը մատնանշէ շարք մը ազրպէյճանցի անուանի արուեստագէտներ, գրողներ, բանաստեղծներ, հրամանատարներ, որոնք իրենց գործերով նպաստած են Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի զարգացման: Կը ներկայացուի նաեւ ղարաբաղեան ճարտարապետութիւնը, ինչպէս` մզկիթներու, տաճարներու շինարարութիւն եւ գորգերու արուեստ:

Յօդուած մը ապօրինի կը նկատէ սուրիահայերու բնակութիւն հաստատելը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ կը նշէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը արդէն իսկ անդրադարձած է այդ հարցին իր յայտարարութիւններուն մէջ, ընդգծելով, որ այդ քայլը ապօրինի է, որովհետեւ կը կատարուի Ազրպէյճանի պատմական հողերուն վրայ:

Կայքէջին վրայ կարելի է գտնել նաեւ բազմաթիւ նկարներ, տեսերիզներ եւ ձայներիզներ, որոնք ցոյց կու տան հայերու կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքներ, եւ այլազան նիւթեր` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ: Զարմանալի է, որ 2012 թուականէն ի վեր կայքէջին վրայ նոր յօդուածներ չեն տեղադրուած, բայց արդէն այնտեղ զետեղուած են մեծ թիւով յօդուածներ եւ այլազան տեղեկութիւններ, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը եւ «համոզիչ փաստերով, ապացոյցերով» կը փորձեն ժողովուրդը գերի դարձնել ապատեղեկատուութեան: Այս երեւոյթը չէզոքացնելու համար հարկ է կրկնապատկել եւ միացնել մեր ջանքերը եւ ներկայացնել ճշմարտութիւնը միջազգային հանրութեան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.