Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպման մէջ մեղադրուող Էրհան Թունջելը ազատ արձակուած է


 

իսթանպուլ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ Էրհան Թունջելը Մարտ 7-ին ազատ արձակուած է:

Ըստ թրքական «Զաման» թերթին` Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգրքին մէջ կատարուած փոփոխութեան համաձայն, մեղադրուողներու կալանաւորման ժամկէտը նախկին 10 տարուան փոխարէն, ներկայիս նուազած է 5 տարիով, իսկ Թունջելի պարագային 5 տարուան ժամկէտը լրացած է, ան այլևս չի կրնար բանտարկուած մնալ:

Նշենք, որ Տինքի սպանութեան կազմակերպան մէջ մեղադուող «Մեծ եղբայր» մականունով յայտնի Էրհան Թունջելը առաջին անգամ ձերբակալուած էր 2007-ի Յունուար 26-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.