ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐ – 104-ԱՄԵԱՅ ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻՆ ԿԱՊՈՒԱԾ Է ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻՆ
Արմավիրի մարզի Էջմիածին տարածաշրջանի Պտղունք գիւղի բնակիչ Խաչիկ Պեպիսեանը (Բաբիսեան) 1910-ին Մուսա լեռ ծնած է։ Միայնակ տարեցը երկար տարիներ բնակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա վերադարձած է Պտղունք, ուր, հակառակ տարիքին եւ առողջական խնդիրներուն, առանձին կ՚ապրի։ 104-ամեայ ծերունին առոյգ է։ «Արմէնփրես»ի լրագրողներու խումբը երբ զինք կը փնտռէր տան մէջ, զինք գտաւ տան կտուրին, ուր բարձրացած էր սեփական ձեռքերով աճեցուցած խաղողը մշակելու համար։ Խումբը տեսնելով՝ ան իջաւ փայտէ աստիճաններով, ժպիտը դէմքին համաձայնեցաւ պատմել դժուարութիւններով լի իր կեանքը։ Խաչիկը կը կարծէ, որ ինք տակաւին ընդամէնը 20 տարեկան է, հակառակ անոր, որ երբեմն առողջական խնդիրները կը յիշեցնեն իրական տարիքին մասին։ «Մուսա լերան Քեպուսիէ գիւղին մէջ ծնած եմ, այդ տարիներուն, ինչ ըսես մեր գլխուն եկած է…Մուսա լեռէն հասած ենք Լիբանան, ուր կամաց կամաց սկսանք անասուններ պահել, եօթ ամիս ետք ընտանիքով հաստատուեցանք Պէյրութ», կը յիշէ Խաչիկը։
Մուսա Լերան վեց գիւղերու (Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խտրպէկ, Եողունոլուգ, Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս) հայութիւնը աշխարհագրական լեռնային դիրքի շնորհիւ գրեթէ փրկուեցաւ Եղեռնին նախորդող համիտեան հալածանքներէն, իսկ 1915-ի Յուլիսի կէսերուն դիմեց ինքնապաշտպանութեան։ 26 Յուլիս 1915-ին հրապարակուեցաւ հնգօրեայ ժամկէտի մէջ մօտակայ հայաբնակ գիւղերէն Քեսապի տարագրման հրամանը։ Մուսալեռցիներու մէկ մասը սկսաւ լեռ բարձրանալ, իսկ ինքնապաշտպանութեան դիմելու որոշումը որդեգրուեցաւ 29 Յուլիսին, Եողունօլուգի մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին, եւ քանի մը օրուան մէջ Մուսա լեռ բարձրացաւ շուրջ 5000 հայ, իսկ 2000-ը տարագրուեցան։
Թէեւ անցեալի իրադարձութիւններու մասին իր վերյիշումը աղօտ է, պատմութեան հերոսը կը վստահեցնէ, որ մուսալեռցիները շատ տանջուած են։ Ականատեսի հայրը մասնագիտութեամբ ատաղձագործ էր։ Ընտանիքին մէջ գրեթէ բոլոր զբաղած են անասնապահութեամբ։ Խաչիկը ակնածանքով կը յիշէ մեծ հօր եւ պապի մասին, որոնք հիւանդութեան պատճառով շուտ հեռացած են կեանքէն։
Մուսա լերան վրայ ծաւալած պատմական իրադարձութիւնը հետագային ներշնչած է աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆէլը, որ գրած է «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպը։ Եւրոպայի մէջ ապրող հրեաները զայն կը կարդային՝ կանխազգալով իրենց ճակատագիրը։ Ողջակիզումի ժամանակ այդ գիրքը կեթոյի պաշտպանները ձեռքէ ձեռք կը փոխանցէին, որպէս ներշնչման աղբիւր եւ նացիներու դէմ զէնք բարձրացնելու կոչ։ Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է գերմաներէնով 1933-ին։ Միայն երկու տարուան ընթացքին՝ 1934-1935, վէպը թարգմանուած է 36 լեզուներու։ Վերֆէլ վէպը գրած ատեն օգտագործած է ականատեսներու վկայութիւններ, լրատուութիւններ, ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, կրօնն ու մշակոյթը։ 1934-ին գիրքը արժանացած է տարուայ լաւագոյն վէպի միջազգային մրցանակին։
Լիբանանէն տեղափոխուելով Հայաստան՝ Խաչիկ կ՚ամուսնանայ, կ՚ունենայ հինգ աղջիկ եւ մէկ տղայ, որոնցմէ ոչ մէկը, պայմաններու բերմամբ, այժմ իր հետ կ՚ապրի։ Ան երկար ժամանակ կը մնայ Միացեալ Նահանգներ՝ որդիին մօտ, ապա կ՚որոշէ վերադառնալ Հայաստան, որովհետեւ մեծ էր մեղուաբուծութեամբ զբաղելու իր ցանկութիւնը։ Ծերունին յոյսով է, որ օր մը իր որդին ալ պիտի վերադառնայ Հայաստան։
Հայրենիքի մէջ ապրելով՝ Խաչիկը ստիպուած է ինքն իրեն հոգ տանիլ, ճաշ եփել, զբաղուիլ կեցաղային գործերով, մշակել սեփական տան փոքրիկ հողատարածքը։ Յատկապէս ամրան ամիսներուն հողագործութիւնը եւ մեղուաբուծութիւնը անոր առօրեային անբաժան մասն են։ «Ես միշտ անասնապահութեամբ զբաղած եմ, կովեր ունեցած եմ։ Այժմ մինակ կ՚ապրիմ, կը դժուարանամ, մեղուներուն թիւն ալ վերջին տարիներուն պակսած է», իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ան ու առանձնակի հպարտութեամբ կը պատմէ իր տնկած խաղողի տունկերուն մասին։ «Մուսա լերան մէջ մենք շատ լաւ կ՚ապրէինք։ Վերադառնալ չեմ ուզեր։ Ի վիճակի չեմ, հիմա այնտեղ թուրքեր կ՚ապրին, թուրքերու հետ ինչպէս այնտեղ մնամ», կ՚ըսէ վերապրող ականատեսը։