Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց «Ժողովրդավարականացման թղթածրար»ը, որ կը միտի կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ շնորհել երկրի փոքրամասնութիւններուն


 

Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ»-ԻՆ ՄԷՋ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը Մարտ 2-ին որդեգրած է «Ժողովրդավարականացման թղթածրար» անուանուած շարք մը իրաւունքներու եւ ազատութեանց մասին բանաձեւ մը, որուն մասին առաջին անգամ յայտարարուած էր անցեալ տարուան Սեպտեմբերին։

Օրէնքը, որ մինչեւ 30 Մարտի տեղական ընտրութիւնները խորհրդարանի փակումէն առաջ որդերգուած վերջին օրէնսդրութիւնն է, այժմ պէտք է վաւերացուի նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ։

Կիրակի կանուխ առաւօտուն որդեգրուած «ժողովրդավարականացման թղթածրար»ը կ՚արտօնէ անձնական դպրոցներու մէջ մայրենի լեզուով կրթութիւնը եւ քաղաքական քարոզարշաւներու ընթացքին թրքերէնէ զատ այլ լեզուներու օգտագործումը։ Օրէնքը նաեւ աւելի խիստ պատիժներ կը սահմանէ ցեղապաշտ ոճիրներու (hate crime) դէմ եւ կը բարեփոխէ քաղաքական կուսակցութեանց կազմակերպումը։

Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ժողովրդավարականացման թղթածրար»ը  հրապարակեց 2013-ի Սեպտեմբերին, որպէսզի մեղմացնէ Իսթանպուլի ցոյցերուն պատճառով ծայր առած ժողովրդային դժգոհութիւնը: Այդ օրերուն, խորհրդարանի բազմազբաղուածութեան պատճառով կառավարութիւնը որոշած էր օրինագիծին վաւերացման համար նախատեսուած քուարկութիւնը յետաձգել։ 

Ըստ վաւերացուած օրէնքին, անձնական դպրոցներուն կ՚արտօնուի թրքերէնի կողքին այլ լեզուներ դասաւանդել, ինչ որ տեղական համայնքներուն կ՚արտօնէ իրենց մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալ։

Նոր օրէնքը կը նշէ, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան կրթական անձնական հաստատութիւններ հաստատել առօրեայ կեանքի մէջ իրենց օգտագործած լեզուներով եւ բարբառներով կրթութիւն տալու համար, սակայն այն պայմանով, որ այդ հաստատութիւնները ենթակայ ըլլան Կրթական անձնական հաստատութեանց օրէնքի պայմաններուն եւ կրթութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ ըլլան։

Ինչ կը վերաբերի ցեղապաշտ ոճիրներուն՝ թղթածրարը կը նշէ, որ լեզուի, ցեղի, ազգութեան, մորթի գոյնի, սեռի, անդամալուծութեան, քաղաքական տեսակէտի, գաղափարական-փիլիսոփայական աշխարհահայեացքի, կրօնական կամ յարանուանական տարբերութեանց վերաբերող ատելութեան արտայայտութիւններ կամ արարքներ պիտի պատժուին մինչեւ երեք տարի բանտարկութեամբ։

Օրէնքը նաեւ գիւղերու եւ թաղամասերու նախկին ոչ թրքերէն անուններու վերականգնումը կ՚արտօնէ։

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կուսակցութեանց կազմութեան եւ քարոզչութեան՝ կուսակցութիւններն ու անոնց անդամները այժմ իրաւունք ունին որեւէ լեզուով կամ բարբառով քարոզչութիւն կատարելու եւ քարոզչական նիւթեր օգտագործելու։

Աւելին, պետութիւնը նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ այն քաղաքական կուսակցութեանց, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին քուէներու աւելի քան 3 առ հարիւրը կը ստանան, իսկ այդ օժանդակութիւնը 1 միլիոն թրքական լիրայէն նուազ պիտի չըլլայ։

Օրէնքը նաեւ կը նշէ, որ բացօդեայ հաւաքներն ու ցոյցերը պէտք է աւարտած ըլլան մայրամուտէն առաջ, իսկ փակ վայրերու մէջ հաւաքները կրնան մինչեւ կէս գիշեր շարունակուիլ։

Իրաւապահ մարմիններու անդամներուն կ՚արտօնուի հաւաքներու ընթացքին մասնակիցները եւ խօսք առնողները նկարել եւ անոնց ձայնը արձանագրել։ Ձայնագրութիւնները կրնան օգտագործուիլ միայն յանցանք մը կամ կասկածեալ մը ճշդելու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.