ՍՈՒՄԿԱՅԻԹ ԵՒ ԽՈՋԱԼՈՒ, ԿԱՄ՝ ՀԱՅ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ


 

 

Սումկայթի փոկրոմը կարծես թէ այլեւս մաս կը կազմէ հայկական դիւանագիտութեան օրակարգին: Ուաշինկթընի դեսպանութիւնը ազրպէյճանական հերիւրանքները դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակած է, Գահիրէի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան անդամներ համայնքի պատասխանատուներու հետ ներկայ եղան ազերիական քարոզչութիւնը կատարող «ակադեմական» միջոցառման եւ պատասխանեցին եգիպտագի վարձկան «մտաւորականներու»ն… նման իրողութիւններ երեւի պատահած են նաեւ անցեալին սակայն այս տարի յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն: Թէ այս ակտիւութեան պատճառը, շատ հաւանաբար, Խոջալլուն որպէս «ցեղասպանութիւն» ներկայացնելու ազրպէյճանական քարոզչութեան կազմակերպուած եւ հետեւողական ճիգին արձանագրած որոշ յաջողութիւնն է՝ կասկած չկայ: Այնուամենայնիւ, աւելի քան ողջունելի է հայկական դիւանագիտութեան այս ակտիւացումը եւ սփիւռքեան զօրաշարժի հետ համակարգումի փորձերը: Միայն ուշադրութեան պակասը կամ հարցին կարեւորութեան անտեսումը չեն կրնար բացատրել Հայաստանի պետական քաղաքականութեան մէջ Սումկայթի այս ուշ ներգրաւումը: Պատճառը աւելի խորքային է:

Սումկայթով սկսած պետական ահաբեկչութիւնը ազրպէյճաբնակ հայութեան դէմ վերածուեցաւ բռնի արտահանման քաղաքականութեան: Խորհրդային Միութեան ժողովրդավարացման գորբաչովեան փորձին ծիրին մէջ սկզբնական մեծ հակասութիւն մը կայ մէկ կողմէ հայութեան խաղաղ զօրաշարժին եւ միւս կողմէ ազրպէյճանական վայրագ հակազդեցութեան միջեւ: Մոսկուա, գիտենք, հակամէտ եղաւ սթաթուս քուօռի պահպանման: Սփիւռքի զօրաշարժը այն ժամանակ տարբեր երկիրներու մէջ հայանպաստ շատ մը յայտարարութիւններ եւ որոշումներ կրցաւ իրականացնել, թէեւ, դժբախտաբար, այդ օրերուն ծնունդ առնող Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը այդ ձեռքբերումներուն չտուաւ անհրաժեշտ կարեւորութիւնը:

Ճիշդ է, ազրպէյճանական ակրեսիային որպէս հակազդեցութիւն Հայաստանէն եւ Արցախէն ալ ազերիներ բռնահանուեցան: Եւ որքան ալ որ թուային համեմատութիւնը մեծ ըլլայ՝ 400 հազար ազրպէյճաբնակ հայութիւն ընդդէմ 180 հազար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակող ազերիներ ըստ ընդհանրական պատկերին, պարզ իրողութիւնը այն է որ ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմը նոյն այլապէս մարդկայնօրէն անընդունելի բռնամիջոցի դիմած են: Կը մնայ որ զինադադարի հաստատումէն քսան տարի անց, մինչ ազրպէյճանցիք պահած են կամ ստեղծած են արձանագրութիւն, թուղթի վրայ դրած են տուեալներ եւ մարդահամարային տուեալներ, աշխատանք տարած են հարցը միջազգային մասշտապով բարձրացնելու եւ աշխարհին ներկայանալու որպէս «զոհ» որով եւ կը փորձեն թաքցնել հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւնը, հայկական դիւանագիտութիւնը նոյն պատրաստուածութեան փաստը չի տար:

Գիտենք որ օրին Ազրպէյճանէն մազապուրծ Հայաստան հաստատուած հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ձգեց երկիրը եւ հեռացաւ Ռուսիա ուր եւ իր վերապրումը ապահովելէ յետոյ շատ հաւանաբար ձուլուեցաւ, նոր սերունդ մը հասակ առաւ եւ անոնց ծնողները, մոռնալու համար իրենց պատահած ահաւոր աղէտը, որոշած ըլլալով իրենց զաւակները հեռու պահել նման փորձանքէ, լռութիւն պահած են այդ մասին: Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդները գիտեն զոհի այս հոգեբանութիւնը, Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած առաջին սերունդը այդպէս վարուած է: Բայց, ահաւասիկ, հոս էր որ պետութիւնը դերակատար պիտի ըլլար, հետամուտ պիտի ըլլար որ իր ազգային պատկանելիութեան պատճառով հայրենիքէն դուրս գոյութենական սպառնալիքի տակ գտնուող հայը որ իր փրկութիւնը գտած էր ապաստանելով Հայաստան նաեւ յանձնառու ըլլար այդ երկրի պաշտպանութեան ու զարգացման, ի՛րը ընէր արցախեան ազատամարտի յաղթանակները եւ պահանջատէր ըլլար իր ինչքերը բռնագրաւած ցեղասպան պետութենէն: Այն ժամանակ թերեւս ազատագրուած հողատարածքները կը վերաբնակեցուէին ու կը զարգանային:

Կը մնայ որ նման նախանձախնդրութիւն կրնար իրանանար միայն եթէ ազատ ու անկախ Հայաստանի վերապրումի ու զարգացման անհրաժեշտ տնտեսական համակարգը որ պիտի ստեղծուէր մտածուէր հայրենադարձութեան եւ հայրենաբնակութեան սկզբունքով, առաջնահերթութիւն տրուէր բոլորին գործ ապահովելու նպատակին: Բայց այդպէս չեղաւ: Օրուան ղեկավարները ծափահարեցին «սեղանիկներ»ով հայաստան մուտք գործող ազատ շուկայականութիւնը եւ լիբերալիզմի նորելուկ կուրուները ցափռտեցին թէ Հայաստան պիտի բնակի այնքան մարդ որքան երկրի տնտեսութիւնը կրնայ կերակրել: Իրապաշտութեան իմաստութիւն պէտք չէ փնտռել այս յայտարարութեան մէջ, այլ՝ նորաբուս օլիկարգային խաւին մենաշնորհները բանականացնելու փորձ: Մէկ խօսքով, եթէ անկախ Հայաստանի մէջ պետական քաղաքական մտածողութիւնը անտեսեց Սումկայթով սկսած ու ազրպէյճաբնակ հայութեան բռնի արտահանումին յանգած Պաքուի հայատեացութիւնը վերածել քաղաքական-դիւանագիտական գործօնի ապա եւ պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ ամենէն խորքայինը, ազատ շուկայականութեան պիտակով տնտեսական օլիկարգային համակարգի մը ստեղծումն էր: Անոր պատասխանատուութիւնը Հայաստանի առաջին կառավարութեան վրայ կ’իյնայ, բայց նոյնքան եթէ ոչ աւելի պատասխանատու են անոր յաջորդները որոնք խորացուցին համակարգը՝ ընդունելով քաղաքական թէ դիւանագիտական ամէն հոլովոյթի վրայ անոր դրած լուրջ սահմանափակումները:

Այս չի նշանակեր որ ազրպէյճանական տնտեսական համակարգը իր էութեամբ տարբեր է հայկականէն: Նոյն օլիկարգային համակարգն է եւ թերեւս անոր վատագոյն տարբերակը որովհետեւ փաստօրէն միատէրութիւն ստեղծած է: Այսինքն՝ եթէ Ազրպէյճան Հայաստանէն ու Արցախէն տեղահանուած ազերիներուն հարցը եւ Խոջալլուն յաջողած է վերածել քարոզչական գործօնի պատճառը աւելի արդար տնտեսական համակարգ մը չէ: Պաքուի փեթրոտոլարները որոնք առատօրէն կը ծախսուին ի մէջ այլոց Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ Հոնտուրասի նման փոքր երկիրներու մէջ Խոջալլուի դատապարտման համար յայտարարութիւններ կորզելու համար կարեւոր չափով կը բացատրեն ազրպէյճանական քարոզչութեան մասնակի յաջողութիւնը: Սակայն պէտք է ընդունիլ որ ազրպէյճանական նախաձեռնութեան ետին կայ աշխատանք, պատրաստութիւն եւ հետեւողականութիւն, մէկ խօսքով՝ ռազմավարական հեռանկար:

Այնպէս մը չէ անշուշտ որ Խոջալլուն արդէն միջազգային հանրային կարծիքին մօտ հաստատուած ըլլայ որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր: Սակայն յստակ է նաեւ, որ ազրպէյճանական դիւանագիտական յառաջխաղացքը միայն քարոզչութեամբ պիտի չսահմանափակուի: Պէտք է կանխատեսել քայլեր որոնց շարքին պէտք չէ բացառել միջազգային ինչ որ ատեանի առաջ դիմում կամ արցախեան հարցը ՄԱԿի ոլորտ փոխադրելու ազրպէյճանական ճիգերուն մէջ Խոջալլուի ներառումը որպէս հայկական դիրքորոշումը աւելի եւս տկարացնող գործօն: Աւելի՛ն, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին Խոջալլուի քարոզչութիւնը նաեւ համաթրքական ժխտողականութեան գործօն է:

Այս բոլորը կրկին ու կրկին կը թելադրեն այն ինչ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական ուղղուածութեան ենթահողը պէտք է եղած ըլլար առաջին օրէն իսկ՝ հայկական դիւանագիտութեան եւ Սփիւռքի զօրաշարժին համակարգումն ու փոխ-լրացումը: Կը մնայ որ երբ այսօր «Սփիւռք» կ’ըսենք չենք կրնար նկատի չունենալ նաեւ անկախութեան օրերէն սկսած Հայաստանէն հիմնականօրէն ընկերատնտեսական պատճառներով արտագաղթածներու հսկայական զանգուածն ու անոնց արդէն հասակ առնող նոր սերունդը: Բայց այդ այսպէս կոչուած «նոր» Սփիւռքին զօրաշարժը առանձին եւ բարդ հարց է, մարտահրաւէր մը որ առաջին հերթին անկասկած «դասական» Սփիւռքինն է:                 

Խ. Տէր Ղուկասեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.