Իսլամական կազմակերպութեան զինեալներ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի քրիստոնեաներուն իսլամական օրէնքներ կը պարտադրեն


 

Ռաքքայի հայկական եկեղեցին

 

Այման Ժաուատ Ալ-Թամիմի «Ճոշուա Լանտիս» կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ աւանդաբար՝ իսլամութեան մէջ «տհիմին» հրեայ կամ քրիստոնեայ մըն է, որ համամիտ կ՚ըլլայ իսլամական պետութեան իշխանութեան տակ ապրելու, «ժիզիա»(տուրք) վճառելու եւ շարք մը խտրական պայմաններու ենթարկուելու՝ փոխան պետութեան կողմէ «պաշտպանութեան»։ Այս դասաւորումը հիմնուած է Քուրանի 9։29 բաժինին վրայ։ Անշուշտ գործնականին մէջ տհիմիի ուխտը Քարեն Արմսթրոնկի նման իսլամութեան արեւմուտքցի ջատագովներու բազմամշակութայնութեան ու հանդուրժողականութեան պատմական բնորդէն շատ տարբեր է եւ համազօր է Մաֆիայի յելուզակութեան, որովհետեւ չվճառել «ժիզիա»-ն, որուն տնտեսական ծանր բեռը պատմականօրէն փաստուած է, կը նշանակէ պետութեան կողմէ «պաշտպանութիւն»-ը կորսնցնել։

Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) համար այդպիսի զարգացում մը անակնկալ չէ, որովհետեւ խմբաւորման նախահայրը՝ «Իրաքի իսլամական պետութիւնը եւ Իրաքի մէջ Քայիտան» եւս Պաղտատի ալ-Տուրա թաղամասի եւ երկրի հիւսիսը գտնուող քրիստոնեաներուն «ժիզիա» պարտադրեց։ Խմբաւորումը գործնականին մէջ Սուրիոյ մէջ արդէն նոյն պայմանները պարտադրած էր Ռաքքայի նահանգին մէջ, օրինակ Թել Ապիատի մէջ, ուր «տհիմի» ուխտի ենթադրեալ խախտում մը անցեալ տարուան աշնան պատրուակ ծառայեց հայկական եկեղեցւոյ սրբապղծման։

Պէտք է նշել նաեւ, որ այս ուխտը պարտադրուած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր ալ-Պաղտատիի կողմէ եւ կը կրէ անոր ստորագրութիւնը իբրեւ «հաւատացեալներու իշխանը», ինչ որ աւանդաբար խալիֆային տրուող մակդիր մըն է եւ ցոյց կու տայ, թէ ՏԱՀԵՇ կը ձգտի խալիֆայութիւն հաստատելու եւ իր ղեկավարը նկատի ունի իբրեւ ապագայ խալիֆա։ Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ Պաղտատի ներկայիս հաւանաբար Ռաքքա կը գտնուի։

Թամիմի կը նշէ, որ Պաղտատիի գտնուած վայրին մասին եզրակացութիւն մը տրամաբանական է, որովհետեւ Ռաքքա նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-էն իր կապերը Ռաքքա քաղաքին կ՚ակնարկեն իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաքը։ Մինչ այդ՝ Սուրիական ազատ բանակի մաս կազմող Լիուա Սուար ալ-Ռաքքան եւ Ժապհաթ Նուսրան կը շարունակեն ընդհատակեայ ըմբոստութիւն կատարել եւ խափանարարական յարձակումներ գործել (որոնք տեղի կ՚ունենան նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի այլ կեդրոններու մէջ՝ ինչպէս Հալէպ նահանգի Մանպիժ շրջանին մէջ)։ Սուրիական վարչակարգը եւս ընդհատակեայ ներկայութիւն է եւ վերջերս սկսած է Ռաքքա քաղաքին մէջ իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել։ Վերջերս Ազգային պաշտպանութեան ուժի Ռաքքայի մասնաճիւղի հիմնումը յայտարարուեցաւ եւ Ռաքքայի մէջ վարչակարգի դրօշներ եւ պատերու վրայ ասատամէտ գրութիւններ սկսան երեւիլ։

Ստորեւ քրիստոնեաներուն պարտադրուած պայմանները.

1.Անոնք իրենց քաղաքին մէջ կամ անոր մերձակայքը վանք մը, եկեղեցի մը կամ ճգնարան մը պէտք չէ կառուցեն, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող այդպիսի կառոյցներ պէտք չէ վերանորոգեն։

2.Անոնք խաչը կամ իրենց սուրբ գրութիւններէն որեւէ մէկը ճամբաներուն կամ իսլամներուն շուկաներուն մէջ պէտք չէ ցուցադրեն եւ եկեղեցիներու զանգերուն կամ կրօնական արարողութեանց ձայնը բարձրացնող միջոցներ պէտք չէ օգտագործեն։

3.Իրենց սուրբ գրութեանց ընթերցումները կամ զանգերուն ձայնը իսլամներուն լսելի պէտք չէ դարձնեն, նոյնիսկ եթէ իրենց եկեղեցիներուն մէջ այդ զանգերը զառնեն։

4.Իսլամական պետութեան դէմ պէտք չէ գործեն որեւէ թշնամական արարք, ինչպէս լրտեսներու եւ Իսլամական պետութեան կողմէ փնտռուած անձեր կամ փաստուած քրիստոնեայ կամ այլ աւազակ մը պատսպարեն։ Եթէ իսլամներու դէմ դաւէ մը տեղեակ են պէտք է այդ մասին տեղեակ պահեն։

5.Եկեղեցիներէն դուրս որեւէ պաշտամունք պէտք չէ կատարեն։

6.Պէտք չէ արգելք ըլլան, որ որեւէ քրիստոնեայ իսլամութիւնը որդեգրէ, եթէ վերջինս այդ կը փափաքի։

7.Անոնք պէտք է յարգեն իսլամութիւնն ու իսլամները եւ անոնց կրօնքը որեւէ ձեւով պէտք չէ անարգեն։

8.Քրիստոնեաները պէտք է իւրաքանչիւր այր մարդու համար «ժիզիա» վճառեն։ Ատոր արժէքն է ոսկիի 4 տինար…հարուստներուն համար, ատոր կէսը՝ միջին եկամուտի տէր անձերու համար, եւ վերջինիս կէսն ալ՝ աղքատներու համար պայմանաւ որ իրենց նիւթական կարելիութեանց մասին ոչինչ ծածկեն։ Այդ վճառումը պէտք է կատարեն տարին երկու անգամ։

9.Անոնք զէնք կրելու իրաւունք չունին։

10.Իրենց շուկաներուն մէջ կամ իսլամներու խոզ կամ գինի պէտք չէ ծախեն, եւ հրապարակաւ, այսինքն հրապարակային վայրերու մէջ գինի պէտք չէ խմեն։

11.Աւանդութեան համաձայն իրենց գերեզմանատուները պէտք է ունենան։

12.Պէտք է ընդունին Իսլամական պետութեան կողմէ պարտադրուած կանոնները ինչպէս՝ հագուստի համեստութիւն, առուծախ եւ այլ հարցեր։

Ռաքքայի մէջ այս ուխի հաստատումէն ետք, կը թուի, որ նոյն միջոցառումը պիտի կիրարկուի նաեւ Հասաքէի մէջ (ալ-Պարաքայի վիլայէթ, ըստ ՏԱՀԵՇ-ի)։ ՏԱՀԵՇ-ի առնչուած «Թուիթըր»-ի էջի մը մէջ գրուած է, որ Ռաքքայի նահանգէն ետք՝ Պարաքա նահանգին քրիստոնեաները եւս առաջարկած են «Ժիզիա» վճառել, սակայն Իսլամական պետութիւնը հարցը յետաձգած է մինչեւ ատոր գործադրութիւնը երաշխաւորուած ըլլայ։

ՏԱՀԵՇ-ի Ռաքքայի նահանգի թուիթրեան պաշտօնական էջին վրայ «տհիմիի» ուխտ հաստատման մասին նշուած է. «Այսօր Ռաքքայի մէջ վաղը Հռոմի մէջ»։ Այս պարագային Հռոմը նկատի առնուած է իբրեւ քրիստոնեաներու մայրաքաղաք։

ՌԱՔՔԱՅԻ ՀԱՅԵՐԸ

1915էն առաջ Ռաքքայի մէջ գոյութիւն ունեցած է քանի մը ընտանիքներէ կազմուած հայկական փոքր գաղութ մը, որ ստուարացած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն։ Սուրիական պատերազմի նախօրեակին, գաղութը կը հաշուէր մօտաւորապէս 250 հայ ընտանիք, որոնք համախմբուած էինն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նուպարեան Վարժարանի (1924) շուրջ։ Ներկայիս հայ գաղութի թիւին եւ անոնց կացութեան մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.