Հայաստանի մէջ 30 հազար թմրամոլ կայ


Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան թմրամոլութեան դարմանատունի ղեկավար Պետրոս Սեմերճեան 26 փետրուարին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ թմրամոլութեան դարմանատան մէջ ներկայ դրութեամբ կայ 4332 թմրամոլ, որոնցմէ 85-ը՝ թունամոլ է՝ հոգեմետ նիւթեր օգտագործող։

Ան բացատրած է, որ թմրամոլներու երկու տեսակի հաշուարկ կայ՝ պաշտօնական հաշուարկ եւ հետազօտութիւններու իբրեւ արդիւնք ստացուած մօտաւոր հաշուարկային տուեալներ։ Հաշուարկային տուեալով՝ Հայաստանի մէջ շուրջ 30 հազար թմրամոլ կայ, որոնցմէ 12,700-ը՝ ասեղով երակային ներարկում օգտագործող է։ Թմրամոլներու դարմանատան մէջ 55 կին թմրամոլ կայ։

Պետրոս Սեմերճեան շեշտած է, որ ամբողջ աշխարհի վրայ արձանագրուած է թմրամոլութեան աճ եւ ոչ մէկը յաջողած է նուազեցնել այդ ցուցանիշը, բացի Շուէտէն, «ատիկա չարիք է բոլորի համար, այդ պատճառով ՄԱԿ-ը միշտ կ՚անդրադառնայ այդ խնդիրին»։

Թմրամոլութիւնը ամէնէն շատ տարածուած է Երեւանի մէջ, երկրոդր դիրքի վրայ է Արմավիրի մարզը, իսկ թմրամոլները 25-40 տարեկան անձեր են։ «Թմրամոլութիւնը քրոնիք հիւանդութիւն է, սակայն նաեւ բուժելի, մեծ ջանքեր կը պահանջուին թմրամոլը բուժելու համար, կայ հիւանդանոցային եւ վերականգնողական փուլ, որ կը տեւէ երեք-հինգ տարի, կը բուժուի մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը, միւս 80 առ հարիւրը իր չափով կը վերադառնայ թմրամոլութեան», ըսած է ան։ Պետրոս Սեմերճեան նաեւ շեշտած է, որ ընկերատնտեսական վիճակը ոչ մէկ պարագայի կ՚ազդէ թմրամոլներու թուաքանակին վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.